Երիկամներու գործառոյթի նոյնիսկ աննշան նուազումով, երիտասարդները կրնան հանդիպիլ առողջական լուրջ խնդիրներու։ Այս ուղղութեամբ կատարուած նոր ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են BMJ ամսագրին մէջ։
Օրինակ, երիկամներու գործառոյթի 20%-30%-ով նուազումը, բացայայտուած է, որ կապուած է մահացութեան հաւանականութեան, սրտային տագնապի եւ երիկամային անբաւարարութեան բարձրացման հետ։
«Տոկման այն է, որ առողջ երիտասարդները պէտք չէ անհանգստանան երիկամներու գործառոյթով, եթէ անիկա նուազած չէ բնական մակարդակէն 50%-ով, սակայն մեր ուսումնասիրութիւնը կը վկայէ, որ նոյնիսկ աւելի համեստ 20%-30%- ով նուազումը կրնայ հետեւանքներ ունենալ»,- նշած է հետազօտութեան համահեղինակ, Օթաուայի հիւանդանոցի երիկամային հիւանդութիւններու կանխարգիլման բաժանմունքի ղեկավար, «նիւրոլոկ» Մանիշ Սուտ։
Հետազօտողները ուսումնասիրած են Օնթարիոյի աւելի քան 8 միլիոն չափահաս բնակիչի, մասնաւորաբար 18-65 տարեկաններու 2008-2021 թուականներու բժշկական «քարթ»երու տուեալները, որոնք առնուազն երիկամները ստուգելու մէկ արեան «անալիզ» կատարած են, սակայն երիկամային հիւանդութեան պատմութիւն չեն ունեցած։
Հետազօտութեան հեղինակները յայտնաբերած են, որ 18-39 տարիքային խումբին մէջ մարդոց 18%-ի մօտ երիկամներու գործառոյթը եղած է «նորմէն քիչ մը ցած», թէեւ ոչ այնքան, որպէսզի երիկամներու «քրոնիք» հիւանդութիւն ախտորոշուի։
Այս «մոխրագոյն գօտիին մէջ» հիւանդներու մօտ չափաւոր բարձրացած էր երիկամային անբաւարարութեան, սրտի տագնապի եւ մահուան հաւանականութիւնը։
Այս դէպքերու բացարձակ հաւանականութիւնը, այդուհանդերձ, եղած է ցած 1000-էն 2-ը։
«Բարեբախտաբար, այս գօտիին մէջ երիկամային գործառոյթի խնդիր ունեցող իւրաքանչիւր առանձին մարդու համար բացարձակ վտանգը փոքր է, սակայն եթէ մենք դիտարկենք ամբողջ բնակչութիւնը, ապա ազդեցութիւնը կրնայ բաւական մեծ ըլլալ,- յայտարարած է հետազօտութեան համահեղինակ, Օթաուայի հիւանդանոցի եւ Օթաուայի համալսարանի բժշկութեան ամպիոնի վարիչ Կրեկ Քնոլ։ – Անհրաժեշտ է նոր հետազօտութիւններ կատարել, որպէսզի հաստատենք այս եզրակացութիւնները, իսկ ետքը տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք ապրելաձեւի փոփոխութեամբ նուազեցնել այդ վտանգները»։
Անոնք կ՛առաջարկեն երիկամային հիւանդութեան հաւանականութիւնը նուազեցնել աղի քիչ պարունակութեամբ առողջ սնունդ ստանալով, կանոնաւորապէս ֆիզիքական վարժութիւններ ընելով եւ ալքոլի օգտագործումը սահմանափակելով։