Ընկերային ցանցերու օգտագործման եւ սննդային վարքագիծի խանգարման (ՍՎԽ) միջեւ կապ մը յայտնաբերած են Լոնտոնի համալսարանական քոլէճի Կլոպըլ առողջութեան հիմնարկի հետազօտողները: Արդիւնքները հրապարակուած են PLOS Global Public Health ամսագրին մէջ:
Անոնք հաւաքած եւ վերլուծած են 17 երկիրներու մէջ 10-24 տարեկան մասնակիցներու հետ կատարուած 50 հետազօտութիւններու տուեալները: Բոլոր ուսումնասիրութիւնները դիտարկած են ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան վրայ:
Հեղինակները յայտնաբերած են, որ ընկերային ցանցերուն մէջ որոշ «թրենտ»ներ այնպիսի բովանդակութիւն ունին, որ սննդային վարքագիծի խանգարում կը յառաջացնեն եւ կան արտաքին տեսքի վրայ կեդրոնացած հարթակներ, որոնք կը բարձրացնեն կապը սննդային վարքագիծի խանգարման հետ (վտանգը կը բարձրանայ 17,7 առ հարիւրով): Յատկապէս շեշտուած յարաբերակցութիւն նկատուած է մարմնի զանգուածի բարձր «ինտեքս»ով (BMI) կիներու մօտ։
Բացի ատկէ, տեսողական բովանդակութեամբ ընկերային ցանցերը յաճախ օգտագործողներու մօտ զօրացած են տագնապի եւ «տիփրեշըն»ի ախտանշանները, եթէ անոնք նախապէս ախտորոշուած եղած են: 11 հետազօտութիւններու մէջ կապ յայտնաբերուած է ընկերային ցանցերու օգտագործման եւ չափէն աւելի ուտելու, ինչպէս նաեւ լուծողականներ ստանալու եւ ծայրայեղ սննդականոններու հետեւելու միջեւ: Նաեւ յաճախ այդ մարդիկը դժգոհ եղած են իրենց մարմինէն, ամչցած են իրենց արտաքինէն, եւ ցած ինքնագնահատական ունեցած են: Հինգ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ այդպիսի ինքնաընկալման նախորդած է սննդային վարքագիծի խանգարում: