Աշնան մազերը կը դառնան աւելի բարակ եւ փխրուն, ինչ որ կրնայ բացատրուիլ վիթամիններու պակասով ու ամրան ընթացքին ատոնց չորացումով, սակայն որոշ պարագաներու մազաթափութիւնը կը վկայէ առողջական լուրջ խնդիրներու մասին, որոնք կարելի չէ անտեսել, այս մասին յայտնած է մաշկաբան Գէորգի Ապրամով։
Մասնագէտին խօսքով՝ մազաթափութեան պատճառ կրնան դառնալ տարբեր գործօններ, այդ շարքին՝ աշնանային «ավիթամինոսիս»ը (արեան մէջ մէկ կամ աւելի էական վիթամիններու առաջարկուած մակարդակներու բացակայութիւնը) եւ որոշ ժահրային վարակներու հետեւանքները: Նման պարագաներու, բժիշկը չի յանձնարարեր ինքնուրոյն ձեւով փորձել դադրեցնել մազաթափութիւնը, որովհետեւ անհրաժեշտ է բացայայտել ատոր պատճառը եւ ժամանակին սկսիլ բուժումը։
«Եղանակային մազաթափութիւնը կը դադրի երկու-երեք ամիս ետք։ Բայց եթէ մազերը շարունակուին թափիլ, ապա պէտք է դիմել մասնագէտին. մազաթափութեան պատճառը ակնյայտօրէն եղանակային չէ եւ գոյութիւն ունի ներքին խնդիր, որ պէտք է լուծուի, օրինակ՝ այդ մէկը կրնայ ըլլալ «հորմոնըլ ֆոնի անհաւասարակշռութիւն»,- նշած է մաշկաբանը:
Անոր խօսքով՝ մարդու մը մազերը կ՛արձագանգեն օրկանիզմին մէջ տեղի ունեցող որեւէ փոփոխութեան, ուրեմն միայն վիթամիններու ստացումը եւ «քոզմեթիք» միջոցներու գործածութիւնը բաւարար չեն ըլլար խնդիրը լուծելու համար։