Ընդհանուր ակնարկ
Եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումը (SAD) ընկճուածութեան տեսակ մըն է, որ կապուած է եղանակներու փոփոխութեան հետ. եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումը (SAD) կը սկսի եւ կ՛աւարտի ամէն տարի մօտաւորապէս նոյն ժամանակներուն: Եթէ դուք նման էք SAD ունեցող մարդոց մեծամասնութեան, ձեր ախտանշանները կը սկսին աշնան եւ կը շարունակուին ձմրան ամիսներուն՝ խլելով ձեր ուժը եւ ձեզ դարձնելով անտրամադիր: Այս ախտանշանները յաճախ կ՛անհետանան գարնան եւ ամրան ամիսներուն: Նուազ յաճախակի, SAD-ը ընկճուածութիւն կը յառաջացնէ գարնան կամ ամրան սկիզբը եւ կը վերանայ աշնան կամ ձմրան ամիսներուն:
Եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարման բուժումը կրնայ ներառել «ֆոթոթերափի», «սայքոթերափի» եւ դեղորայք:
Մի՛ անտեսէք այդ ամէն տարուան զգացումը եւ մի՛ վերագրէք զայն իբրեւ պարզապէս «ձմեռնային պլուզ»-ի կամ մինակ զգալու եղանակային պարագայի․ նաեւ մի՛ մտածէք, որ դուք պէտք է ինքնուրոյն յաղթահարէք զայն: Քայլեր ձեռնարկեցէք ձեր տրամադրութիւնը եւ ինքնամղումը կայուն պահելու համար ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ախտանշաններ
Շատ պարագաներու եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարման ախտանշանները ի յայտ կու գան ուշ աշնան կամ ձմրան սկիզբը եւ կ՛անհետանան գարնան եւ ամրան արեւոտ օրերուն: Աւելի հազուադէպ, հակառակ օրինաչափութիւն ունեցող մարդոց մօտ ախտանշաններ կ՛ըլլան, որոնք կը սկսին գարնան կամ ամրան: Երկու պարագաներուն ալ, ախտանշանները կրնան սկսիլ թեթեւ եւ աւելի վատթարանալ եղանակի ընթացքին յառաջացումով:
Եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարման նշանները եւ ախտանշանները կրնան ներառել.
- Անտարբեր, տխուր կամ ընկճուած զգալը գրեթէ ամէն օր․
- Հետաքրքրութիւնը կորսնցնելը այն գործունէութեան նկատմամբ, որ ժամանակին հաճոյք կը պատճառէր․
- Ուժի պակասը եւ դանդաղութեան զգացումը․
- Չափէն աւելի քնանալու հետ կապուած խնդիրները․
- Ածխաջուրերու հակումը, չափէն աւելի ուտելը եւ կշիռքի բարձրացումը
- Կեդրոնանալու դժուարութիւնը
- Յուսահատ, անարժէք կամ մեղաւոր զգալը
- Ապրիլ չուզելու միտքեր ունենալը
Պատճառներ
Եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարման ճշգրիտ պատճառը կը մնայ անյայտ: Կարգ մը գործօններ, որոնք կրնան ազդել, կը ներառեն.
- Կենսաբանական ժամացոյցը (սիրքատային ռիթմ)․ աշնան եւ ձմրան արեւու լոյսի նուազ մակարդակը կրնայ յառաջացնել ձմեռնային եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարում: Արեւու լոյսի այս նուազումը կրնայ խանգարել մարմնի ներքին ժամացոյցը եւ յանգեցնել ընկճուածութեան զգացողութեան:
- «Սերոթոնին»-ի մակարդակը. «սերոթոնին»-ի՝ ուղեղի քիմիական նիւթի (նիւրոհաղորդիչ) անկումը, որ կ՛ազդէ տրամադրութեան վրայ, կրնայ դեր խաղալ SAD-ի յառաջացման մէջ: Արեւու լոյսի նուազումը կրնայ յառաջացնել «սերոթոնին»-ի անկում, որ կրնայ պատճառել ընկճուածութիւն:
- «Մելաթոնին»-ի մակարդակը. եղանակի փոփոխութիւնը կրնայ խանգարել մարմնի «մելաթոնին»-ի մակարդակի հաւասարակշռութիւնը, որ դեր կը խաղայ քունի եւ տրամադրութեան վրայ:
Վտանգի գործօններ
Եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումը աւելի յաճախ կ՛ախտորոշուի կիներու մօտ, քան՝ տղամարդոց: Իսկ SAD-ը աւելի յաճախ կը յառաջանայ երիտասարդ չափահասներու, քան՝ տարեցներու մօտ:
Գործօններ, որոնք կրնան բարձրացնել եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարման վտանգը, կը ներառեն.
- Ընտանեկան պատմութիւն. եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարում ունեցող մարդիկ աւելի հաւանական է, որ SAD-է կամ այլ ընկճուածութենէ տառապող հարազատներ ունենան:
- Հիմնական ընկճուածութիւն կամ երկբեւեռ խանգարում․ ընկճուածութեան ախտանշանները կրնան եղանակի բերումով վատթարանալ, եթէ ունիք այս պայմաններէն մէկը:
- Հասարակած գիծէն հեռու ապրիլը. կը թուի, թէ եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումը աւելի ընդհանրացած է այն մարդոց մօտ, որոնք կ՛ապրին հասարակած գիծէն շատ հիւսիս կամ հարաւ: Այդ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ձմրան արեւու լոյսի նուազումով եւ ամառնային ամիսներուն աւելի երկար օրերով:
- Վիթամին D-ի ցած մակարդակ․ որոշ վիթամին D կ՛արտադրուի մորթին մէջ, երբ անիկա կ՛ենթարկուի արեւու լոյսին: Վիթամին D-ն կրնայ օգնել բարձրացնելու «սերոթոնին»-ի աշխուժութիւնը: Արեւու լոյսի պակասը եւ ուտելիքներէն ու այլ աղբիւրներէ բաւարար վիթամին D չստանալը կրնայ յանգեցնել մարմնին մէջ վիթամին D-ի ցած մակարդակի:
Բարդութիւններ
Լուրջ վերաբերում ունեցէք եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումի նշաններուն եւ ախտանշաններուն նկատմամբ: Ինչպէս ընկճուածութեան այլ տեսակներու պարագային, SAD-ը կրնայ վատթարանալ եւ յանգեցնել խնդիրներու, եթէ անիկա չբուժուի, օրինակ՝
- Ընկերային շրջանակէ հեռացում
- Դպրոցական կամ աշխատանքային խնդիրներ
- Թմրանիւթերու չարաշահում
- Հոգեկան առողջութեան այլ խանգարումներ, ինչպէս՝ մտատանջութիւն կամ ուտելու խանգարումներ
- անձնասպանութեան միտքեր կամ վարքագիծ
Կանխարգիլում
Եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարման զարգացումը կանխելու յայտնի միջոց չկայ: Այնուամենայնիւ, եթէ դուք կանուխ քայլերու ձեռնարկէք ախտանշանները կառավարելու համար, կրնաք կանխել ատոնց վատթարացումը ժամանակի ընթացքին:
Դուք կրնաք կանխել տրամադրութեան, ախորժակի եւ ուժի մակարդակի լուրջ փոփոխութիւնները, որովհետեւ կրնաք կանխատեսել տարուան այն ժամանակը, երբ կրնան սկսիլ այս ախտանշանները: Բուժումը կրնայ օգնել կանխելու բարդութիւնները, յատկապէս, եթէ եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումը կ՛ախտորոշուի եւ կը բուժուի նախքան ախտանշաններու վատթարացումը: Կարգ մը մարդիկ օգտակար կը գտնեն սկսիլ բուժումը նախքան ախտանշաններու յայտնաբերումը աշնան կամ ձմրան, եւ այնուհետեւ, բուժումը շարունակելու այն ժամանակէն ետք, երբ ախտանշանները սովորաբար կ՛անհետանան: Այլ մարդիկ կարիքը ունին շարունակական բուժման՝ ախտանշաններու վերադարձը կանխելու համար: