Նոր հետազօտութիւնը յայտնաբերած է, որ լռութիւնը ոչ միայն ձայնի բացակայութիւն է, այլ աշխոյժ ուժ, որ կրնայ վերափոխել ուղեղը եւ բարելաւել ընդհանուր առողջութիւնը։ Ընդամէնը երեք օրուան միտումնաւոր լռութենէն ետք, մարդու ուղեղին մէջ տեղի կ՛ունենան ֆիզիքական եւ գործառական փոփոխութիւններ, որոնք իրենց ազդեցութեամբ կը համեմատուին երկարատեւ «մետիթէյշըն»-ի կամ ճանաչողական մարզումներու հետ։
Boy Genius Report (BGR) արհեստագիտական ազդեցութիւն ունեցող կայքին վրայ հրապարակուած գիտական հետազօտութիւնը յատկապէս տպաւորիչ արդիւնքներ բացայայտած է «հիփոքամբին»՝ ուղեղի այն հատուածին մէջ, որ պատասխանատու է յիշողութեան եւ ուսուցումի, գրած է med-practic բժշկագիտական ամսագիրը։ Ամբողջական լռութեան մէջ կատարուած փորձարկումին մասնակիցները ընդամէնը երեք օրուան ընթացքին նոր «նիւրոն»-ներու աճ ցոյց տուած են, ինչ որ նախապէս կարելիութիւն կը նկատուէր ամիսներ տեւած մարզումներէ կամ կեդրոնացած բուժումէ ետք։
Արդիւնքները յատկապէս ցայտուն եղած են այն մարդոց պարագային, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ շարունակ աղմուկի կ՛ենթարկուին, նշանակելով, որ այդ մարդիկը կրնան առաւելագոյնս օգտուիլ լռութեան ժամանակահատուածներէն։
Բացի ատկէ, հետազօտութիւնը ուղեղի գործունէութեան փոփոխութիւններ արձանագրած է՝ աշխոյժ «պեթա» ալիքներէն մինչեւ աւելի դանդաղ «ալֆա» եւ «թեթա» ալիքներու, որոնք կ՛առնչուին ներքին հանգստութեան, ստեղծագործութեան կեդրոնացման եւ բարելաւուած զգացական վերահսկողութեան հետ։ Լռութեան երրորդ օրը մասնակիցները այս վիճակներուն զգալիօրէն աւելի արագ հասած են, քան սկիզբը։
Զգացական կայունութիւնը եւս բարձրացած է։ Մասնակիցները անդրադարձած են անհանգստութեան նուազումի, կտրուկ արձագանգներու եւ տրամադրութեան ընդհանուր բարելաւման մասին, որուն ազդեցութիւնը տեւած է քանի մը շաբաթ «Հոգեւոր մենութեան» (retreat) աւարտէն ետք։
Անսպասելի յայտնագործութիւն էր զգայարանքի ընկալման բարելաւումը. մասնակիցները աւելի զօրաւոր հոտառութիւն զարգացուցած են, ինչպէս նաեւ՝ համերը, գոյները եւ նիւթակազմուածքները զանազանելու աւելի լաւ ունակութիւն ձեռք բերած: Այդ մէկը կատարուած է շնորհիւ ուղեղի օժանդակ միջոցներու (resources) վերաբաշխումին, որ յայտնի է որպէս «խաչաձեւ ռիթմիկութիւն» (cross-rhythmicity), երբ մէկ զգայական ալիքը կը փոխհատուցէ կամ կը զօրացնէ միւսը։
Բարելաւումները ազդած են նաեւ ճանաչողական գործառոյթներու վրայ։ Աշխատանքային յիշողութիւնը՝ տեղեկութիւնը պահպանելու եւ մշակելու ունակութիւնը, զգալիօրէն բարելաւուած է. մասնակիցները աւելի արագ որոշումներ կայացուցած են եւ աւելի քիչ սխալներ գործած։
Հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ լռութեան կանոնաւոր ժամանակահատուածները՝ նոյնիսկ օրական երկու ժամ, որոնք կը կատարուին առաւօտեան, ճաշի ժամանակ եւ երեկոյեան, արդէն իսկ լաւ արդիւնքներ ցոյց կու տան։ Պարզ սովորութիւնները, օրինակ, առանց հեռախօսը ստուգելու արթննալը, առանց ականջակալներու քալելը եւ առաջադրանքներու միջեւ կարճ «հանգիստ ընդմիջումներ» ընելը, կրնան էապես բարելաւել հոգեկան վիճակը։