Օգտակար չէ՞ր ըլլար պատկերացում ունենալ այն մասին, թէ ե՞րբ կրնայ սկսիլ «միկրեն«ը: Նոր ուսումնասիրութեան մէջ տոքթոր Քեթլին Մերիքանկաս՝ Հոգեկան առողջութեան ազգային հիմնարկի Ներբնակարանային հետազօտական ծրագրի Ճենեթիքական համաճարակաբանութեան հետազօտական բաժնի տնօրէնը եւ անոր գործընկերները ելեկտրոնային օրագրեր օգտագործած են՝ երկու շաբթուան ընթացքին 477 մարդու վարքագիծին եւ ախտանիշներուն հետեւելու համար:
«Այս հետազօտութեան հիմնական բացայայտումը այն էր, որ նախորդ օրուան քունի որակի եւ «էնըրճի»ի փոփոխութիւնները կապուած էին յաջորդ օրը գլխացաւերու հետ»,- կ՛ըսէ Neurology ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան աւագ հեղինակ, տոքթոր Մերիքանկաս:
Հետազօտական խումբը բացայայտած է, որ քունի որակը եւ «էնըրճի»ն յաջորդ օրը «միկրեն»ի տագնապներու կարեւոր նախանշաններ են: Տուեալները ցոյց տուած են, որ անոնք, որոնք մէկ օր կը տառապին վատ որակի քունէն եւ անտարբերութենէն, յաջորդ առաւօտ աւելի հաւանական է, որ «միկրեն» ունենան: «Էնըրճիի» ալիքը եւ միջինէն բարձր «սթրես»ը բնականաբար օրուան ուշ ժամերուն կը կանխատեսեն «միկրենի» սկիզբը։
Գիտնականները կը նշեն, որ իմանալը, թէ ե՞րբ կը սկսի «միկրեն»ը, կրնայ կարեւոր ըլլալ, յատկապէս հաշուի առնելով «միկրեն»ի բուժման նկատմամբ աճող հետաքրքրութիւնը՝ նախքան անոր սկսիլը: 2018 թուականի փետրուարի ուսումնասիրութեան համաձայն՝ քրոնիք «միկրեն»ը մինչեւ 50 տարեկան մարդոց հաշմանդամութեան հիմնական պատճառն է: