JAMA Network Open ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան համաձայն «կրիփ»-ի դէմ պատուաստը արդիւնաւէտօրէն կը կանխէ փոքրիկներու ծանր հիւանդութիւնները։
Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոնի (Աթլանթա) հետազօտող Քելսի Սամնըր եւ գործընկերները «պարագայ- վերահսկում» կոչուած յատուկ հետազօտութիւն մը կատարած են, որպէսզի գնահատեն պատուաստի արդիւնաւէտութիւնը (VE) այն փոքրիկներուն պարագային, որոնք հիւանդութեան ծանր վիճակէ կը տառապէին։ Անոնք օգտագործած են Միացեալ Նահանգներու ութ տարբեր նահանգներու բժշկական կեդրոններու տուեալները եւ բացասական քննութեան մօտեցումը։
Հետազօտութիւնը տարրալուծած է 6 ամսականէն մինչեւ 17 տարեկան 15,728 փոքրիկներու տուեալները, որոնք դիմած էին բժշկական օգնութեան սուր շնչառական հիւանդութիւններու համար:
Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ 2,710 մասնակիցներ (17,2 առ հարիւր) «կրիփ»-ի քննութենէն դրական դուրս եկած են, մինչ 13,018-ն՝ (82.8 առ հարիւր) բացասական: Հետազօտութիւնը երեք դասակարգի բաժնած է պարագաները․ այցելութիւն շտապօգնութեան բաժանմունք, ոչ «քրիթիք կրիփ»-ի համար հիւանդանոցային բուժումներ եւ ծանր «կրիփ»-ի համար հիւանդանոցային բուժումներ համապատասխանաբար:
Ընդհանուր առումով, «կրիփ»-ի դրական եւ բացասական քննութիւններով խումբերու փոքրիկներու 49,5 առ հարիւրը պատուաստուած էր: Բոլոր տարիքի փոքրիկներու շրջանակին մէջ «կրիփ»-ի դէմ պատուաստի առնուազն մէկ չափաբաժին ստանալը գնահատուած է 55,7 առ հարիւր արդիւնաւէտութեամբ՝ կանխելու համար «կրիփ»-ի հետ կապուած շտապօգնութեան բաժանմունք այցելութիւնները կամ հիւանդանոցային բուժումները: