Եւրոպական տարածաշրջանին մէջ յառաջիկայ շաբաթներուն կ՛ակնկալուի «կրիփ»-ի պատճառով հիւանդանոցային բուժումի անհրաժեշտութեան աճ։ Նման կանխատեսում ըրած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը, որ կոչ ուղղած է մեծ ուշադրութիւն դարձնելու բնակչութեան խոցելի խումբերուն, այդ շարքին՝ տարեցներու եւ յղիներու պաշտպանութեան։
ԱՀԿ բացատրած է, որ «կրիփ»-ի ժահրի աշխուժութիւնը սովորաբար կը գնահատուի քննութիւններու հիման վրայ՝ 50-60 առ հարիւրը հաստատելով հիւանդութեան առկայութիւնը, որ ընդհանրապէս կը հասնի գագաթնակէտին Յունուարի վերջաւորութեան կամ փետրուարին: Թէեւ երկիրներու միջեւ կրնան ըլլալ որոշ փոփոխութիւններ, շնչառական հիւանդութիւններու համար քննութիւն կատարած մարդոց ներկայի տոկոսը, որոնք «կրիփ»-ի դրական արդիւնք ստացած են, կը կազմէ 36 առ հարիւր», – ըսած է կազմակերպութիւնը: Աւելցնելով, որ գագաթնակէտը եւ հիւանդանոցային բուժումները, հաւանաբար, կը շարունակեն աճ արձանագրել յառաջիկայ շաբաթներուն:
Եղանակային «կրիփ»-ի համաճարակի պաշտօնական մեկնարկէն ի վեր՝ 2024-ի Նոյեմբերի վերջաւորութեան, «շնչառական վարակները շարունակած են աճ արձանագրել ԱՀԿ եւրոպական տարածաշրջանին մէջ», – նշած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ)՝ աւելցնելով, որ «կրիփ»-ի եղանակի սաստկութիւնը ակնկալուած սահմաններուն մէջ է։ «Կարեւոր է, որ առողջապահական մարմինները եւ անհատները շարունակեն աշխուժօրէն աշխատիլ, «կրիփ»-ի տարածումը սահմանափակելու ու առաւել խոցելի խումբերուն պաշտպանելու համար՝ ներառեալ տարեցները, յղի կիները, ինչպէս նաեւ դիմադրողական տկար համակարգ եւ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկ»:
ԱՀԿ նաեւ ընդգծած է COVID-19-ի շարունակական սպառնալիքը հանրային առողջութեան համար, թէեւ դէպքերու թիւը այլեւս այնքան մեծ չէ, որքան համաճարակի գագաթնակէտի ժամանակ։ «Կարեւոր է զգօն մնալ եւ պաշտպանիչ միջոցներ կիրառել», – յայտարարած է ԱՀԿ՝ նշելով, որ իրավիճակը որեւէ ժամանակ կրնայ վատթարանալ, «օրինակ՝ եթէ քորոնաժահրի փոխանցման զօրացած տարբերակներ ի յայտ գան»։ Կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ «պատուաստումը կը մնայ կենսական միջոց՝ առաւել խոցելի բնակչութեան կեանքը փրկելու համար։