Կրծքագեղձի քաղցկեղը քաղցկեղի տեսակ մըն է, որ կը սկսի կուրծքի հիւսուածքի բջիջներու աճով: Մորթի քաղցկեղէն ետք կրծքագեղձի քաղցկեղը ամենէն ընդհանրացած քաղցկեղն է կիներու մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Բայց այս քաղցկեղը միայն կիներուն չի պատահիր: Իւրաքանչիւր անձ կը ծնի կուրծքի որոշ հիւսուածքով, ուրեմն ոեւէ մէկը կրնայ կրծքագեղձի քաղցկեղով հիւանդանալ:
Կրծքագեղձի քաղցկեղէն վերապրողներու թիւը բարձրացած է, իսկ մահացողներու թիւը՝ անշեղօրէն նուազած։ Ասոր մեծ մասը պայմանաւորուած է կրծքագեղձի քաղցկեղի իրազեկման եւ հետազօտութիւններու նիւթական լայնածաւալ աջակցումով:
Կրծքագեղձի քաղցկեղի «սքրինինկ»ի յառաջընթացը կ՛արտօնէ բժշկական մարզի աշխատողներուն աւելի կանուխ ախտորոշել կրծքագեղձի քաղցկեղը: Քաղցկեղը աւելի կանուխ յայտնաբերելը շատ աւելի հաւանական կը դարձնէ, որ քաղցկեղը բուժուի: Նոյնիսկ եթէ կրծկագեղձի քացկեղը կարելի չէ բուժել, գոյութիւն ունին կեանքը երկարաձգող բազմաթիւ բուժումներ։ Կրծքագեղձի քաղցկեղի հետազօտութեան նոր յայտնաբերումներ կ՛օգնեն բժշկական մարզի աշխատողներուն, որպէսզի ընտրեն բուժման ամենէն արդիւնաւէտ ծրագիրները:
Ախտանշաններ
Կրծքագեղձի քաղցկեղի նշանները եւ ախտանշանները կրնան ներառել.
- Կրծքագեղձի ուռուցք կամ մորթի հաստ դարձած տարածք, որ տարբեր կը զգացուի շրջակայ հիւսուածքէն:
- Պտուկ, որ տափակ տեսք ունի կամ կը շրջուի դէպի ներս:
- Կուրծքի մորթի գոյնի փոփոխութիւն. սպիտակ մորթ ունեցող մարդոց մօտ կուրծքի մորթը կրնայ վարդագոյն կամ կարմիր տեսք ունենալ: Շագանակագոյն եւ սեւ մորթ ունեցող մարդոց պարագային կուրծքի մորթը կրնայ աւելի մուգ ըլլալ, քան կրծքավանդակի միւս մորթը կամ կրնայ կարմիր կամ մանիշակագոյն ըլլալ:
- Կուրծքի չափի, ձեւի կամ տեսքի փոփոխութիւն
- Կուրծքի մորթի փոփոխութիւններ, օրինակ՝ փորուածքի նմանութիւն կամ նարինջի կեղեւի տեսք
- Կուրծքի մորթի թեփոտում, կեղեւաւորում կամ շերտաւորում:
Ե՞րբ դիմել բժիշկի
Եթէ ձեր կուրծքին մէջ գունդ կամ այլ փոփոխութիւն գտնէք, այցելեցէք բժիշկին կամ այս մարզին մէջ աշխատող այլ անձի մը: Մի՛ սպասէք ձեր յաջորդ «մամոկրաֆի»ին, որպէսզի գիտնաք, թէ արդեօք ձեր նշմարած փոփոխութիւնը կրծքագեղձի քաղցկե՞ղ է, թէ՝ ոչ: Տեղեկացուցէք ձեր կուրծքի որեւէ փոփոխութեան մասին, նոյնիսկ եթէ վերջին «մամոկրաֆի»ն ցոյց տուած է, որ կրծքագեղձի քաղցկեղ գոյութիւն չունի:
Պատճառներ
Կրծքագեղձի քաղցկեղի մեծ մասի ճշգրիտ պատճառը յայտնի չէ: Գիտնականներ գտած են բաներ, որոնք կը բարձրացնեն կրծքագեղձի քաղցկեղի յառաջացման վտանգը։ Անոնք կը ներառեն հորմոններ, ապրելակերպի ընտրութիւններ․․․: Բայց յստակ չէ, թէ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ, որոնք չունին վտանգի որեւէ գործօն, կը հիւանդանան քաղցկեղով, իսկ վտանգի գործօններով այլ մարդիկ բնաւ չեն հիւանդանար: Հաւանական է, որ կրծքագեղձի քաղցկեղը տեղի կ՛ունենայ ծինային կառուցուածքի եւ շրջապատող աշխարհի բարդ փոխազդեցութեան միջոցով:
Առողջապահութեան մարզի մասնագէտներ գիտեն, որ կրծքագեղձի քաղցկեղը կը սկսի այն ժամանակ, երբ բան մը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ DNA-ը կրծքագեղձի հիւսուածքի բջիջներուն մէջ: Բջիջի մը DNA-ը կը կ՛ընդգրկէ հրահանգներ, որոնք բջիջին կը թելադրեն թէ ինչ ընէ: Առողջ բջիջներու մէջ DNA-ը հրահանգներ կուտայ աճելու եւ բազմապատկուելու սահմանուած արագութեամբ: Հրահանգները բջիջներուն կը թելադրեն, որ մեռնին սահմանուած ժամանակի մէջ: Քաղցկեղի բջիջներուն մէջ DNA-ի փոփոխութիւնները տարբեր հրահանգներ կուտան։ Փոփոխութիւնները կը յուշեն քաղցկեղի բջիջներուն արագօրէն ստեղծել աւելի շատ բջիջներ: Քաղցկեղի բջիջները կրնան շարունակել ապրիլ, մինչ առողջ բջիջները կը մեռնին: Այս կը յառաջացնէ չափազանց շատ բջիջներ:
Քաղցկեղի բջիջները կրնան կազմել զանգուած մը, որ կը կոչուի ուռուցք: Ուռուցքը կրնայ աճիլ եւ ներխուժել ու ոչնչացնել առողջ մարմնի հիւսուածքը: Ժամանակի ընթացքին քաղցկեղի բջիջները կրնան բաժնուիլ եւ տարածուիլ մարմնի այլ մասերը: Երբ քաղցկեղը կը տարածուի, անիկա կը կոչուի «մեթասթաթիկ» քաղցկեղ:
DNA-ի փոփոխութիւնները, որոնք կը յանգեցնեն կրծքագեղձի քաղցկեղի յառաջացման, յաճախ տեղի կ՛ունենան կաթի ծորանները ծածկող բջիջներուն մէջ: Այս ծորանները խողովակներ են, որոնք ձեւաւորուած են կաթը դէպի պտուկ տանելու համար: Կրծքագեղձի քաղցկեղը, որ կը սկսի ծորաններէն, կը կոչուի «ինվէյզիւ ծորանային քարսինոմա»:
Կրծքագեղձի քաղցկեղը կրնայ սկսիլ նաեւ կաթնային գեղձերու բջիջներուն մէջ: Այս գեղձերը, որոնք կը կոչուին «լոպիւլ»ներ, ձեւաւորուած են կուրծքի կաթ պատրաստելու համար:
Քաղցկեղը, որ կը յառաջանայ «լոպիւլ»ներուն մէջ, կը կոչուի «ինվէյզիւ լոպիւլային քարսինոմա»: Այլ բջիջներ կուրծքին մէջ կրնան դառնալ քաղցկեղային բջիջներ, թէեւ այս մէկը սովորական չէ:
Վտանգի գործօններ
Գործօններ, որոնք կրնան բարձրացնել կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը կը ներառեն․
- Կրծքագեղձի քաղցկեղի ընտանեկան պատմութիւն․ եթէ ծնող մը, եղբայր/քոյր կամ մանուկ ունեցած են կրծքագեղձի քաղցկեղ, վտանգը կը բարձրանայ: Վտանգը աւելի մեծ կ՛ըլլայ, եթէ ընտանիքը երիտասարդ տարիքին կրծքագեղձի քաղցկեղով հիւանդանալու պատմութիւն ունի: Վտանգը ալ աւելի կը բարձրանայ, եթէ կը գտնուին կրծքագեղձի քաղցկեղ ունեցող ընտանիքի քանի մը անդամ: Այնուամենայնիւ, կրծքագեղձի քաղցկեղով ախտորոշուած մարդոց մեծամասնութիւնը ընտանեկան պատմութիւն չունի:
- Կրծքագեղձի քաղցկեղի անձնական պատմութիւն․ եթէ ունեցած էք քաղցկեղ մէկ կուրծքի մէջ, ապա մեծ վտանգ կրնայ ըլլալ, որ միւսը եւս քաղցկեղով հիւանդանայ:
- Կրծքային պայմաններու անձնական պատմութիւն․ կրծքային որոշ իրավիճակներ նշաններ կրնան ըլլալ կրծքագեղձի քաղցկեղի աւելի բարձր վտանգի: Այս պայմանները կը ներառեն «լոպիւլային սարքինոմա ին սայթու» (կը յատկանշուի լոպիւլներու բջիջներու անբնական աճով), որ նաեւ կը կոչուի LCIS, եւ ոչ տիպային կուրծքի «հայբըրփլազիա»: Եթէ կրծքագեղձի «պայոփսի» ըրած էք, ուր յայտնաբերուած է այս պայմաններէն մէկը, կը նշանակէ, որ ունիք կրծքագեղձի քաղցկեղի բարձր վտանգ:
- Դաշտան սկսիլը աւելի փոքր տարիքին․ 12 տարեկանէն առաջ դաշտանի սկսիլը կը բարձրացնէ կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը:
- Դաշտանադադար ունենալը աւելի մեծ տարիքին․ 55 տարեկանէն ետք դաշտանադադար ըլլալը կը բարձրացնէ կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը:
- Իգական սեռի պատկանիլը. կիներ կրծքագեղձի քաղցկեղով հիւանդանալու շատ աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին։ Ամէն ոք կը ծնի կուրծքի որոշ հիւսուածքով, ուրեմն ոեւէ մէկը կրնայ կրծքագեղձի քաղցկեղ զարգացնել:
- Կուրծքի խիտ հիւսուածք․ կուրծքի հիւսուածքը կազմուած է ճարպային եւ խիտ հիւսուածքէ։ Խիտ հիւսուածքը կազմուած է կաթնային գեղձերէ, կաթնային ծորաններէ եւ «ֆայպրըս» հիւսուածքէ։ Եթէ ունիք խիտ կուրծք, ապա ունիք աւելի խիտ կուրծքի հիւսուածք քան ճարպային հիւսուածք ձեր կուրծքերուն մէջ: Խիտ կուրծքեր ունենալը կրնայ դժուարացնել կրծքագեղձի քաղցկեղի յայտնաբերումը «մամոկրաֆի»ի միջոցով: Եթէ «մամոկրաֆի»ն ցոյց տուաւ, որ խիտ կուրծքեր ունիք, կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը կը բարձրանայ: Պէտք է խօսիլ առողջապահութեամբ զբաղող մասնագէտներու հետ կրծքագեղձի քաղցկեղի յայտնաբերման համար «մամոկրաֆի»էն բացի այլ քննութիւններու մասին:
- Ալքոլ խմելը․ ալքոլի օգտագործումը կը բարձրացնէ կրծկագեղձի քացկեղի վտանգը։
- Ձեր առաջին զաւակին ծնունդը աւելի մեծ տարիքի․ 30 տարեկանէն ետք առաջին զաւակի ծնունդը կրնայ բարձրացնել կրծքագեղձի քաղցկեղի յառաջացման վտանգը:
- Բնաւ յղի չըլլալը․ մէկ կամ քանի մը անգամ յղի ըլլալը կը նուազեցնէ կրծքագեղձի քաղցկեղի զարգացման վտանգը: Երբեք յղի չըլլալը կը բարձրացնէ վտանգը:
- Տարիքի բարձրացում. կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը կը մեծնայ տարիքի բերումով:
- DNA-ի ժառանգական փոփոխութիւններ, որոնք կը բարձրացնեն քաղցկեղի յառաջացման վտանգը․ DNA -ի որոշ փոփոխութիւններ, որոնք կը բարձրացնեն կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը, կրնան ծնողներէն փոխանցուիլ զաւակներուն: Ամենէն յայտնի փոփոխութիւնները կը կոչուին BRCA1 եւ BRCA2: Այս փոփոխութիւնները կրնան մեծապէս բարձրացնել կրծքագեղձի քաղցկեղի եւ այլ քաղցկեղներու վտանգը, սակայն ոչ բոլորը, որոնք DNA -ի այս փոփոխութիւնները ունին կը հիւանդանան քաղցկեղով:
- Դաշտանադադարի հորմոնային թերափի. «մենոփոզ»-ի ախտանշանները վերահսկելու համար հորմոնային թերափիի որոշ դեղերու ստացումը կրնայ բարձրացնել կրծքագեղձի քաղցկեղի յառաջացման վտանգը: Վտանգը կապուած է հորմոնային թերափիի դեղերու հետ, որոնք կը համատեղեն «էսթրոճէն»ը եւ «փրոճեսթերոն»ը: Վտանգը կը նուազի, երբ դադրեցուին այս դեղերու օգտագործումը:
- Գիրութիւն. գիրութիւն ունեցող մարդիկ կրծքագեղձի քաղցկեղի աւելի մեծ վտանգ ունին:
- Ճառագայթային ազդեցութեան ենթարկում. եթէ մանկութեան կամ երիտասարդութեան տարիներուն կրծքավանդակի ճառագայթային բուժում ստացած էք, ապա կրծքագեղձի քաղցկեղի ձեր վտանգը աւելի բարձր կրնայ ըլլալ:
Կանխարգիլում
Ձեր առօրեայ կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելը կրնայ նուազեցնել կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը: Փորձեցէ՛ք.
- Հարցուցէ՛ք կրծքագեղձի քաղցկեղի «սքրինինկ»ի մասին․ խօսեցէք ձեր բժիշկին կամ բժշկական մարզի մէջ աշխատող այլ անձի հետ, թէ ե՞րբ սկսիլ կրծքագեղձի քաղցկեղի «սքրինինկ»ի: Հարցուցէք «սքրինինկ»ի օգուտներուն եւ վտանգներուն մասին: Միասին կրնաք որոշել, թէ կրծքագեղձի քաղցկեղի «սքրինինկ»ի ինչ քննութիւններ նպատակայարմար են ձեզի համար:
- Ծանօթացէք ձեր կուրծքերուն՝ կուրծքի ինքնազննման միջոցով․ դուք կրնաք ծանօթանալ ձեր կուրծքերուն, ժամանակ առ ժամանակ ստուգելով զանոնք կուրծքի ինքնազննման ընթացքին, որպէսզի իրազեկ ըլլաք ձեր կուրծքերուն մէջ որեւէ փոփոխութեան մասին: Եթէ նոր փոփոխութիւն կայ, գունդ մը կամ այլ բան մը, որ բնորոշ չէ ձեր կուրծքերուն, անմիջապէս տեղեկացուցէք անոր մասին մասնագէտի մը:
Կրծքագեղձի իրազեկումը չի կրնար կանխել կրծքագեղձի քաղցկեղը. սակայն կրնայ օգնել աւելի լաւ հասկնալու ձեր կուրծքի տեսքը եւ զգացողութիւնը: Այս կրնայ աւելի հաւանական դարձնել, որ դուք նկատէք փոփոխութիւնը:
- Ալքոլ խմեցէք չափաւոր քանակութեամբ, կամ ընդհանրապէս մի՛ խմէք․ սահմանափակեցէ՛ք ալքոլի օգտագործման ձեր քանակը, օրական մէկ խմիչքէն ոչ աւելի, եթէ որոշած էք խմել: Կրծքագեղձի քաղցկեղի կանխարգիլման համար ալքոլի անվտանգ քանակ գոյութիւն չունի: Այսպիսով, եթէ դուք շատ մտահոգուած էք կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգով, կրնաք ընտրութիւնը տալ ալքոլ չօգտագործելուն:
- Մարզանք ըրէք շաբթուան օրերուն մեծ մասը․ նպատակ դրէք առնուազն 30 վայրկեան վարժութիւններ կատարել շաբթուան օրերուն մեծ մասը: Եթէ վերջերս աշխոյժ չէք եղած, հարցուցէք մասնագէտի մը, եթէ կրնաք կամ ոչ, եւ սկսեցէք դանդաղօրէն:
- Սահմանափակեցէք դաշտանադադարի հորմոնային թերափին․ համակցուած հորմոնային թերափին կրնայ բարձրացնել կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը: Խօսեցէք մասնագէտի մը հետ հորմոնային թերափիի օգուտներուն եւ վտանգներուն մասին:
Կարգ մը մարդիկ դաշտանադադարի ժամանակ կ՛ունենան ախտանշաններ, որոնք անհանգստութիւն կը պատճառեն: Այս մարդիկը կրնան որոշել, որ հորմոնային թերափիի վտանգները ընդունելի՞ են, որպէսզի հանգստանան: Կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը նուազեցնելու համար, օգտագործեցէք հորմոնային թերափիի նուազագոյն չափաբաժինը ամենէն կարճ ժամանակով:
- Պահպանեցէք առողջ կշիռք․ եթէ ձեր կշիռքը լաւ է, աշխատեցէք զայն պահպանել։ Եթէ կարիքը ունիք նիհարնալու, հարցուցէք մասնագէտի մը ձեր կշիռքը նուազեցնելու առողջ ուղիներու մասին։ Ստացէք քիչ քալորիներ եւ դանդաղօրէն աւելցուցէք մարզանքներու քանակը։
Դեղորայք եւ վիրահատութիւններ կրծկագեղձի քաղցկեղի բարձր վտանգ ունեցողներուն
Եթէ ունիք կրծքագեղձի քաղցկեղի բարձր վտանգ, կրնաք նկատի ունենալ այլ տարբերակներ վտանգը նուազեցնելու համար: Կրնաք ունենալ բարձր վտանգ, եթէ ունիք կրծքագեղձի քաղցկեղի ընտանեկան պատմութիւն: Ձեր վտանգը կրնայ առաւել եւս բարձրանալ, եթէ ունիք կրծքագեղձի հիւսուածքի նախաքաղցկեղային բջիջներու պատմութիւն: Խօսեցէք ձեր վտանգին մասին առողջապահութեան մարզի խումբին հետ: Խումբը կրնայ ունենալ ձեր վտանգը նուազեցնելու տարբերակներ, ինչպէս՝
- Կանխարգելիչ դեղեր. «էսթրոճեն»ը արգելափակող դեղերու օգտագործումը կրնայ նուազեցնել կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգը բարձր վտանգ ունեցողներու մօտ: Ընտրանքները կը ներառեն դեղեր, որոնք կը կոչուին ընտրովի էսթրոճենի ընկալիչներու «մոտիւլէյթըրներ» եւ «արոմաթէյզ ինհիպիթըրներ»: Այս դեղերը նաեւ կ՛օգտագործուին որպէս կրծքագեղձի քաղցկեղի հորմոնային թերափի:
Դեղերը կը պարունակեն կողմնակի ազդեցութիւններու վտանգ: Այս պատճառով անոնք կ՛օգտագործուին միայն անոնց համար, որոնք ունին կրծքագեղձի քաղցկեղի շատ բարձր վտանգ: Քննարկեցէք օգուտները եւ վտանգները ձեր առողջապութեան մարզի խումբին հետ:
- Կանխարգելիչ վիրահատութիւն․ եթէ ունիք կրծքագեղձի քաղցկեղի շատ բարձր վտանգ, կրնաք մտածել վիրահատութեան մասին քաղցկեղի վտանգը նուազեցնելու համար։ Մէկ տարբերակը կրնայ ըլլալ վիրահատել կուրծքերը, որ կը կոչուի «փրոֆիլէքթիք մէսթէքթոմի»։ Այլ տարբերակ է ձուարաններու հեռացումը, որ կը կոչուի «փրոֆիլէքթիք օոֆորէքթըմի»: Այս վիրահատութիւնը կը նուազեցնէ կրծկագեղձի եւ ձուարաններու քաղցկեղի վտանգը։