Քունը բնական մարմնական գործընթաց մըն է, որ անհրաժեշտ է կազդուրման եւ մարմնի պատշաճ գործունէութեան համար: Այնուամենայնիւ, «սթրես»ը եւ այլ գործօններ երբեմն կրնան խանգարել անոր որակը: Տարուէ տարի գիտնականները մեթոտներ կը փնտռեն օգնելու, որ աւելի արագ քնանանք եւ բարելաւենք մեր քունի որակը: Նոր ուսումնասիրութեան՝ Gizmodo-ի համաձայն, գիտնականները կրնան նորարարական մօտեցում յայտնաբերել։
Գանատայէն եւ Ֆրանսայէն հետազօտողներու միջազգային խումբ մը ապացոյցներ գտած է, որ ծայրայեղ ցուրտին կանոնաւորապէս ենթարկուիլը կրնայ դրականօրէն ազդել քունի որակին վրայ, կը յայտնէ Focus-ը։ Մասնաւորաբար, այդ կը ներառէ օրական ընդամէնը հինգ վայրկեան անցընել ծայրայեղ ցուրտ ջերմաստիճանի մէջ:
Մոնթրէալի եւ Փուաթիէյի համալսարանէն խումբ մը հետազօտութիւն մը կատարած է «Քրիոսթիմիւլէյշըն»-ի վերաբերեալ՝ (ամէնօրեայ դրութեամբ թերափի մարմինը ենթարկելու ծայրայեղ ցուրտ ջերմաստիճանի) ուսումնասիրելու համար անոր հնարաւոր օգուտները:
Վերահսկուող տարրալուծարանական պայմաններու մէջ գիտնականները դիտարկած են, որ առողջ կամաւորներու մօտ քունի տեւողութիւնը եւ որակը բարելաւուած է ծայրայեղ պաղ թերափիի ընթացքին: Այս բացայայտումները ցոյց կուտան, որ «քրիոսթիմիւլէյշըն»-ը կրնայ արդիւնաւէտ բուժում ըլլալ քունի խանգարումներու համար։
Ընդհանուր 9 կին եւ 11 տղամարդ (20 տարեկան) մասնակցած են հինգ օր տեւած հետազօտութեան։ Ամէն օր երեկոյեան ժամը 6-ին կամաւորները հանելով իրենց հագուստները հինգ վայրկեան անցուցած են -90°C սառեցուած խցիկի մէջ: Այլապէս, անոնք շարունակած են իրենց սովորական առօրեան, սակայն անոնց ապրելաձեւը սահմանափակուած է ալքոլի, քաֆէինի եւ այլ նիւթերու արգիլումով, որոնք կրնային ազդել քունի որակին վրայ:
Մասնակիցները նաեւ կրած են սարքեր՝ վերահսկելու համար սրտի յաճախութիւնը, ուղեղի աշխուժութիւնը եւ քունի օրինաչափութիւնը: Բացի ատկէ, անոնք ամբողջացուցած են հարցաթերթիկներ՝ քունի որակը գնահատելու համար: Բաղդատութեան համար, կամաւորները երկրորդ անգամ ենթարկուած են նոյն հետեւողական գործարկութիւններուն, բայց առանց քնանալէ առաջ պաղ դարմանում ստանալու:
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ կամաւորները քունի բարելաւում ունեցած են «քրիոսթիմիւլէյշըն»-է ետք, թէեւ ոչ անմիջապէս: Հետազօտողները նկատելի տարբերութիւններ դիտարկած են միայն նիստերու հինգերորդ օրուընէ ետք: Ամենէն էական փոփոխութիւնները նկատուած են դանդաղ ալիքի կամ խոր քունի ժամանակ, որ քունի շրջանի ամենէն աւելի վերականգնող փուլն է:
Հետազօտութեան հեղինակները նշած են, որ միջին հաշուով մասնակիցներու խոր քունը պաղ դարմանումէն ետք աւելցած է 7,3 վայրկեանով: Թէեւ կամաւորները նշած են, որ քունի որակը բարելաւուած է «Քրիոսթիմիւլէյշըն»-էն ետք, աւելի մանրամասն վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ ազդեցութիւնը նշանակալի էր միայն կիներու համար:
Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Cryobiology ամսագրին մէջ: Այնուամենայնիւ, հեղինակները կը զգուշացնեն, որ մարդիկ չշտապեն տղամարդու չափով սառնարան գնելու: Նախ, քունի բարելաւումները բաղդատաբար համեստ եղած են: Երկրորդ, բացայայտումները հիմնուած են փոքր ընտրանքի չափի վրայ եւ կը պահանջեն հետագայ հետազօտութիւն՝ հաստատումի համար: