Քալիֆորնիայի համալսարանի ամերիկացի գիտնականները անսպասելի կապ յայտնաբերած են միզապարկի քաղցկեղի վատորակ ձեւի եւ ձուարաններու ուռուցքներու միջեւ։ Այս յայտնագործութիւնը կարելիութիւն ստեղծած է անոնց կիրառելու դիմադրողական բուժումի յառաջադէմ մեթոտները՝ քաղցկեղի այն տեսակի բուժումին համար, որ նախապէս կրնար բուժուիլ միայն գործողութեան միջոցով եւ ոչ միշտ յաջողութեամբ։ Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Nature Communications (NatCom) ամսագրին մէջ։
Խօսքը միզապարկի քաղցկեղի հիւսուածաբանական տարբերակներու մասին է, որոնք կը կազմեն բոլոր պարագաներու մօտաւորապէս մէկ քառորդը: Անոնք դժուար է ախտորոշելը եւ գրեթէ կարելի չէ բուժել դեղերով: Այս տարբերակները զգալիօրէն կը տարբերին միզապարկի քաղցկեղի տիպիկ տեսակներէն եւ յաճախ կը մնան քլինիքական փորձարկումներէ դուրս:
«Այս ուռուցքները մանրադիտակի տակ տարբեր տեսք ունին, բայց անոնք բոլորը վտանգաւոր են եւ հակում ունին կրկնուելու: Անոնք չեն արձագանգեր դասական բուժման», – ըսած է ուսումնասիրութեան համահեղինակ, «ուրոլոկ» Սիմա Փորթընը:
Օգտագործելով իրենց սեփական միաբջիջ RNA յաջորդականութեան արհեստագիտութիւնը՝ գիտնականները ուսումնասիրած են ուռուցքի նմուշները եւ զարմանալի յայտնագործութիւն կատարած են. այդ ուռուցքներու բջիջները կ՛արտադրէին CA125 կոչուող սպիտակուց մը, որ սովորաբար կը գտնուի ձուարաններու քաղցկեղի պարագային: Բնական միզապարկի ուռուցքները չէին արտայայտեր այս սպիտակուցը: Կարեւորը այն է, որ հետազօտողները այս բջիջներու մակերեսին յայտնաբերած են նաեւ այլ սպիտակուց մը՝ TM4SF1, որ ապացուցած է իր գործունէութիւնը որպէս դիմադրողական բուժումի իտէալ թիրախ:
Իրենց յաջորդ քայլով, խումբը մշակած է CAR-T բջիջներ՝ դիմադրողական բջիջներ, որոնք նախագծուած են TM4SF1-ը ճանչնալու եւ ուռուցքային բջիջներու վրայ յարձակելու: Մուկերու մօտ բուժումը յաջողութեամբ ոչնչացուցած է վատորակ ուռուցքները:
«Ընդամէնը քանի մը տարի պահանջուեցաւ հիւանդներու «պայոփսի»-էն մինչեւ բուժումի առաջին փորձարկումները։ Այս կը ներկայացնէ արագ յառաջընթաց ուռուցքաբանութեան մէջ», – ըսած է ուռուցքաբան եւ ուսումնասիրութեան համահեղինակ, բժիշկ Ֆրանքլին Հուանկը։
Միզապարկի քաղցկեղի հիւսուածաբանական տարբերակները մինչեւ օրս բացառուած են լայնածաւալ «քլինիքական» փորձարկումներէն՝ անոնց հազուադէպութեան եւ ակնյայտ տարասեռութեան (անմիատեսակեան) պատճառով: Այնուամենայնիւ, այս կրնայ փոխուիլ յատուկ «մոլեքիւլային մարքըր»-ներու վրայ հիմնուած թիրախային բուժումներու մշակումով:
Հետազօտողները այժմ յոյս ունին սկսիլ «քլինիքական» փորձարկումներ մարդոց վրայ: CAR-T բուժումը արդէն իսկ ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը «լիւքիմիա»-ի որոշ տեսակներու դէմ եւ այժմ անիկա կրնայ բուժման տարբերակ առաջարկել վատորակ միզապարկի քաղցկեղով հիւանդներու համար: