«Ֆերմենթացուած» սոյայի ուտելիքներու գործածութիւնը, ինչպէս՝ միզոն եւ նաթոն, կրնայ պաշտպանել կանուխ մահանալէն, կը պնդեն ճափոնցի գիտնականները:
Մասնագէտները վերլուծած են 45-էն մինչեւ 74 տարեկան 42 750 տղամարդու եւ 50 165 կնկայ մասնակցութեամբ հետազօտութեան արդիւնքները: Կամաւորները յայտնած են իրենց սննդակարգային սովորութիւններու, կենսակերպի եւ առողջական վիճակի մասին: Անոնց հետեւած են գրեթէ 15 տարի, եւ այս ընթացքին, մահուան բոլոր դէպքերը արձանագրուած են: Այս մասին նշուած է MedicalXpress-ի մէջ հրապարակուած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:
Պարզուած է, որ «ֆերմենթացուած» սոյայի գործածութիւնը կանուխ մահանալու կարելիութիւնը մինչեւ 10 առ հարիւրով նուազեցուցած է, բայց սոյայի ուտելիքներու ընդհանուր գործածութիւնը, այս ցուցանիշին վրայ, ոչ մէկ կերպով ազդած է: Հետազօտութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ միզօ կամ նաթօ ուտող մարդիկ աւելի հազուադէպ կը տառապին սրտանօթային հիւանդութիւններէ: Միաժամանակ, սոյայի ոչ մէկ արդիւնք չէ յայտնաբերուած քաղցկեղի զարգացման կարելիութեան վրայ:
Գիտնականներու խօսքով՝ «ֆերմենթացուած» սոյայի ուտելիքները աւելի մեծ քանակութեամբ բջիջանիւթ (cellulose), քալիում (kalium) եւ պիոաքթիվ (bioactive) բաղադրիչներ կը պարունակեն, քան ատոնց ոչ «ֆերմենթացուած» նմանօրինակները, ինչ որ կը բացատրէ յայտնաբերուած համայարաբերակցութիւնը: Հակառակ անոր, որ հետազօտութիւնը դիտողական էր, այսինքն՝ արդիւնքներով կարելի չէր ճշգրիտ պարզել պատճառ-հետեւանքային փոխադարձ կապը, աւելի ու աւելի շատ տուալներ կը յայտնուին, որ սոյայի ուտելիքները առողջութեան վրայ բարենպաստ կերպով կ՛ազդեն: