Օդանաւային թռիչքի ժամանակ, «քորոնա» ժահրով վարակուելու վտանգը աւելի ցած է քան՝ հանրախանութի, շոգեկառքի կամ գրասենեակի մէջ: Այդ մէկը օդանաւային թռիչքի նստատեղերու օդափոխումի շնորհիւ է: Այս մասին նշուած է նոր հետազօտութեան մը մէջ, որ հրապարակած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Զուիցերիայէն մասնագէտներ:
Այսօր, յայտնի է օդանաւային թռիչքի ժամանակ, «քորոնա» ժահրով վարակման ընդամէնը 42 դէպքի մասին: Միեւնոյն ժամանակ, Չինաստանի մէջ, Դեկտեմբերի կէսերէն մինչեւ Փետրուարի վերջաւորութիւն յայտնաբերուած է միջքաղաքային արագընթաց շոգեկառքերու մէջ «քորոնա» ժահով վարակման աւելի քան 2300 դէպք:
Յօդուածի հեղինակները մանրամասն նկարագրած են օդանաւի օդափոխումի համակարգի գործողութեան մեքանիզմը: Օդին մեծ մասը, որ կը շնչեն ճամբորդները, «ֆիլթրէ» կ՛անցնի, ինչ որ կը նուազեցնէ վարակի տարածման հաւանականութիւնը:
Օդակայանին եւ օդանաւի անվտանգութիւնը ընդլայնելու համար, մասնագէտները կը յանձնարարեն նուազագոյնի հասցնել ճամբորդներու տեղափոխութիւնը, դասաւորել ուտելիք եւ խմիչք տալու ժամանակը: Ինչպէս նաեւ՝ խորհուրդ կը տրուի դիմակ կրել, իսկ վատ ինքնազգացողութեան պարագային հրաժարիլ թռիչքէն, իսկ անմիջապէս վայրէջքէն ետք, միացնել անհատական օդափոխումի ծայրափողակը, որ կը գտնուի նստարանին վրայ, եւ կարգաւորել զայն այնպէս, որ օդի հոսանքը ուղղուի ձեր գլխուն վրայ:
Մասնագէտներու խօսքով՝ ձեր գլխուն վերը օդի հոսանքը կրնայ տարածել ժահրի մասնիկները, եթէ ձեր կողքը գտնուող մարդը վարակուած է: