Գերմանացի գիտնականներ Հայտըլպըրկի համալսարանէն եւ այլ հաստատութիւններէ բացայայտած են, որ «սմարթֆոն»-երու օգտագործման նոյնիսկ կարճաժամկէտ սահմանափակումները զգալիօրէն կ՛ազդեն ուղեղի գործունէութեան վրայ՝ կապուած «տոփամին»-ի եւ «սերոթոնին»-ի հետ՝ նեարդային հաղորդիչներ, որոնք կը կարգաւորեն տրամադրութիւնը եւ կախուածութիւնը: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Computers in Human Behavior (CHB) բժշկագիտական ամսագրին մէջ:
Խումբին մաս կազմած են 25 չափահաս երիտասարդներ՝ 18-էն 30 տարեկան, որոնք «սմարթֆոն»-երու կանոնաւոր օգտագործողներ էին: Մասնակիցները ամբողջացուցած են հոգեբանական քննութիւններ եւ հարցաթերթիկներ, որպէսզի գնահատեն սարքի օգտագործման իրենց սովորութիւնները եւ զգացական վիճակը: Այնուհետեւ, անոնցմէ խնդրուած է սահմանափակել «սմարթֆոն»-երու օգտագործումը 72 ժամով՝ անոնցմէ օգտուելով միայն աշխատանքի, ամէնօրեայ առաջադրանքներու եւ սիրելիներու հետ ընկերային շփումներու համար:
Գիտական փորձարկումէն առաջ եւ ետք կամաւորները ուղեղի «սքան» կատարած են՝ օգտագործելով գործառական մագնիսական ռեզոնանս պատկեր (fMRI): «Սքան»-ի ընթացքին անոնց ցուցադրուած են չեզոք տեսարաններու պատկերներ, օրինակ՝ բնապատկերներ, ինչպէս նաեւ՝ «սմարթֆոն»-եր միացուած եւ անջատուած:
Բացայայտուած է, որ «սմարթֆոն»-երու օգտագործման սահմանափակումը զգալիօրէն փոխած է կախուածութեան հետ առնչուող ուղեղի բաժիններու աշխուժութիւնը։ Այս փոփոխութիւնները նման են այն փոփոխութիւններուն, երբ մարդիկ կը հեռանան կախուածութիւն յառաջացնող նիւթերէն, ինչպէս՝ թմրանիւթերը կամ ալքոլը:
«Սմարթֆոն» շատ օգտագործող, ինչպէս նաեւ չափաւոր կերպով օգտագործող մասնակիցները նմանատիպ արձագանգներ ցոյց տուած են։ Այս կը նշանակէ , թէ նոյնիսկ «սմարթֆոն»-ի կանոնաւոր օգտագործումը (անկախ քանակէն) կրնայ ուղեղին մէջ փոփոխութիւններ յառաջացնել:
Հետազօտողները նշած են, որ «սմարթֆոն»-երու օգտագործման սահմանափակումը կ՛ազդէ «տոփամին»-ի եւ «սերոթոնին»-ի մակարդակին վրայ, ինչ որ կրնայ բացատրել տրամադրութեան եւ վարքի փոփոխութիւնները:
Գիտնականները կը յանձնարարեն ժամանակի սահմանափակումներ նշանակել «սմարթֆոն»երու օգտագործման համար եւ այսպիսի սարքեր օգտագործել միայն անհրաժեշտ առաջադրանքներ կատարելու ժամանակ, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր ընդմիջումներ ընել եւ ժամանակ յատկացնել համացանցէն դուրս գործունէութեան: