Ամէն տարի աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 15 միլիոն մանուկ կը ծնի վաղաժամ եւ մօտաւորապէս 1 միլիոնը չի գոյատեւեր: Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին անհատներ եւ կազմակերպութիւններ կը հաւաքուին՝ բարձրացնելու իրազեկութիւնը վաղաժամ ծննդաբերութեան լրջութեան մասին եւ անոր վտանգաւոր ըլլալուն ամբողջ աշխարհի մէջ:
Յղութիւններու մեծ մասը կ՛երկարի մօտաւորապէս 40 շաբաթ, ինչ որ կը նկատուի բնական եւ առողջ: Եթէ մանուկ մը ծնի 37 շաբթուընէ առաջ, ապա այդ մանուկը կը նկատուի որպէս վաղաժամ, ինչ որ կրնայ առողջական շարք մը վտանգներ ունենալ: Եւ միայն նորածինները չեն, որոնք յատուկ խնամքի կարիքը ունին։ Յաճախ խնամքի կարիքը կ՛ունենայ նաեւ մայրը։ Երբ մայր մը վաղաժամ երեխայի ծնունդ կու տայ, ատոր հետ միասին ֆիզիքական եւ զգացական շատ մեծ «սթրես» կը յառաջանայ:
Վաղաժամ ծնած մանուկներու մեծ մասը ստիպուած է առաջին ամիսը մնալ հիւանդանոցին մէջ: Մայրեր յաճախ կը կորսնցնեն քունը ուշ գիշերներ արթուն մնալու պատճառով։ Անոնք կը տառապին մեղքի, մտատանջութեան եւ ընկճախտի զգացումներէ, ինչպէս նաեւ ձախողած ըլլալու զգացում կ՛ունենան: Կարեւոր է հաշուի առնել մօր ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մանուկին համար:
Այս ամիս խօսինք վաղաժամ ծննդաբերութեան մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու համար: Որքան շատ խօսինք նման հարցերու մասին, այնքան աւելի արագ կ՛ունենանք պատասխաններ եւ լուծումներ։ Լաւ լուրը այն է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ վաղաժամ ծնունդներու թիւը տարուէ տարի կը նուազի: Որքան շատ խօսինք եւ բարձրացնենք իրազեկութիւնը, այնքան այս թիւը պիտի նուազի:
- Յղութիւններու մօտաւորապէս 11.4%-ը վերջ կը գտնէ կանուխ ծննդաբերութեամբ:
- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ տարեկան մօտաւորապէս 450,000 մանուկ կը ծնի վաղաժամ:
- Վաղաժամ ծնունդներու 80%-ը չ՛ակնկալուիր, որ կանուխ ըլլայ:
- Մօտաւորապէս 30%-ը պայմանաւորուած է թաղանթներու վաղաժամ պատռուածքով:
- Վաղաժամ նորածիններու բժշկական ծախսերը կը կազմեն մօտաւորապէս $54,000, բաղդատելով $4,000-ի հետ՝ յղութեան շրջանը լրիւ ամբողջացուցած, առողջ ծնած նորածինի համար։