Տոպրակով թէյի վտանգի մասին մասնագէտները առաջին անգամ խօսած են, երբ յայտնի դարձած է «փլասթիք»-ի բացասական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ: Այժմ, կարելի է «փլասթիք» յայտնաբերել տոպրակներու մեծ մասին մէջ:
2019-ին, Environmental Science & Technology-ին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ նշուած է, թէ տոպրակները, որոնց արտադրութեան մէջ կ՛օգտագործուի սննդայի «փլասթիք», տաք ջուրի մէջ կ՛արտադրեն «մայքրոփլասթիք»-ի միլիառաւոր մասնիկներ: Սելսիուսի համաձայն՝ 95 աստիճան տաքութեան պարագային, այդպիսի «փլասթիք» կրնայ արտադրել «մայքրոփլասթիք»-ի 11.6 միլիառ եւ «նանոփլասթիք»-ի 3.1 միլիառ մասնիկ՝ մէկ գաւաթի մէջ, հաղորդած է Medportal.ru-ը:
Թէյի այդպիսի տոպրակներէն «մայքրոփլասթիք»-ի քանակը կը գերազանցէ ուրիշ ուտելիքներու մէջ ատոր պարունակութեան քանակը: Աղի մէկ կրամը (այդ՝ օրական չափաբաժինի 1/5-րդ մասն է ըստ՝ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան) կրնայ ընդգրկել «փլասթիք»-ի շուրջ 0,005 «մայքրոկրամ», իսկ թէյի գաւաթը՝ 16 «մայքրոկրամ»:
Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են թէյի տոպրակներուն մէջ «մայքրոփլասթիք»-ի բացասական ազդեցութիւնը մանր քաղցկեղածիններու վրայ, որ չեն ոչնչացած անոր ազդեցութեան տակ, սակայն անոնց վարքագիծը փոխուած է. յառաջացած են բնածին արատներ: Սակայն, այդպիսի գիտափորձերու արդիւնքները կարելի չէ գերագնահատել մարդոց շրջանակին մէջ, իսկ անոնց մասնակցութեամբ հետազօտութիւնները տակաւին չեն կայացած:
Բացի «մայքրոփլասթիք»-էն, թէյի տոպրակները եռացած ջուրի մէջ կ՛արտադրեն նաեւ «նայլոն»-ի եւ «փոլիէթիլենթերֆթալատ»-ի (PET) մասնիկներ: Յայտնի է, որ PET-էն շիշերը եւ «թարաներ»-ը, արդէն 40 աստիճանի պարագային, կրնան ջուրի մէջ արտադրել վնասակար նիւթեր, ինչպէս՝ «ֆորմալին»-ը: Գիտափորձի ժամանակ, մինչեւ 60 աստիճան տաքութեան պարագային, ջուրի մէջ ատոնց համակեդրոնացումը չէ գերազանցած «նորմա»-ն:
Հետաքրքական է, որ վտանգաւոր են ոչ միայն թէյի համար «փլասթիք»-է տոպրակները, այլ՝ թուղթէ տոպրակները նոյնպէս. ատոնք եւս կրնան ընդգրկել վնասակար նիւթեր: Թուղթը ամրացնելու համար, կրնայ օգտագործուիլ «էփիքլորիփիտին»՝ հնարաւոր քաղցկեղածին (այդ մէկը հաստատուած է անասուններու վրայ կայացած հետազօտութիւններու մէջ):
Յաւելեալ վտանգ կը յառաջանայ, եթէ թուղթը սպիտակ դարձնեն: 1990 թուականին, գիտնականները յայտնաբերած են թէյի՝ «քլոր»-ով սպիտակացուած տոպրակներու մէջ «տիոքսին»-ի զգալի քանակ: Ներկայիս, առկայ տուեալները չեն արտօներ վստահօրէն յայտարարելու, որ թուղթէ տոպրակները կրնան վնաս հասցնել առողջութեան:
Միջավայրին համար, թէյի տոպրակները նոյնպէս վտանգաւոր են, որովհետեւ ատոր մէջ գտնուող «փլասթիք»-ը ամբողջական ձեւով չի փճանար հողին մէջ:
Այսպիսով, մասնագէտները, այնուամենայնիւ, կը յանձնարարեն խուսափիլ սննդային «փլասթիք»-է պատարաստուած տոպրակներէն եւ ընտրել թուղթէ տոպրակներ, իսկ լաւագոյն պարագային՝ խմել հատիկաւոր թէյ: