Քորոնա ժահրը մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն լուրջ հիւանդութիւններէն մէկն է. մարդկութիւնը վերջին 100 տարուան մէջ չի յիշեր աւելի վտանգաւոր հիւանդութիւն մը՝ քան քորոնան:
Նիւ Եորքէն բժիշկ Մարլէն Քափլան ըսած է. «Այս մէկը, հաւանաբար, «Սպանիոյ» ժամանակներէն ամէնէն լուրջ հիւանդութիւնն է»:
Անոր կարծիքով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, համավարակի բարձրակէտը կա՛մ նոր սկսած է, կա՛մ նոր սկսելու վրայ է: Ան ստեղծուած իրավիճակին մէջ, կառավարութեան խորհուրդ տուած է առաջին կարգին պաշտպանելու անոնց, որոնք կը զսպեն համավարակի զարգացումը, այսինքն՝ բժշկական մարզին մէջ աշխատողները: Մասնագէտը նշած է, որ եթէ չափէն աւելի մեծ թիւով բժիշկներ հիւանդանան, ապա չափազանց դժուար կ՛ըլլայ համավարակը զսպել. «Այդ ժամանակ խօսքը կ՛երթայ աներեւակայելի թիւով կորուստներու մասին, որովհետեւ բժիշկները չեն բաւականացներ»:
Քափլանի խօսքով՝ բժիշկները ճիշդ չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ տարբեր մարդիկ COVID-19-ի ծանրութեան տարբեր աստիճանով կը հիւանդանան: Աւելին՝ ներկայիս բժշկութեան համար յայտնի չէ COVID-19-ի դէմ երաշխաւորուած միջոցը, ուստի հիւանդներուն հիմնականին մէջ կը բուժեն «հիտրոքսիքլորոքին»-ով՝ «զիթրոմաքս»-ի եւ «մալթիվիթամին»-ներու բարձր դեղաչափերու հետ միասին:
Մասնագէտը նաեւ խոստովանած է, որ Նիւ Եորքի մէջ քորոնա ժահրի հետեւանքով կանխատեսուող մահուան 16 հազար դէպքը իրական թիւ չի նկատեր: Բանը այն է, որ մարդու օրկանիզմը հիւանդութեան ընթացքին մեծ «սթրես» կ՛ապրի, ինչ որ կրնայ յառաջացնել առողջական նոր խնդիրներ:
Բժիշկը քաղաքացիներուն զգուշացուցած է խուսափելու կասկածելի միջոցներու օգտագործումէն՝ որպէս քորոնա ժահրի կանխարգիլում, օրինակ՝ ալքոլէն: Անոր խօսքով՝ ալքոլային խմիչքները լեարդին վրայ լրացուցիչ ծանրաբեռնուածութիւն կը ստեղծեն, որ այս ընթացքին կը փորձեն մաքրել բորբոքումի դէմ օրկանիզմի պայքարի կողմնակի արգասիքները: Ալքոլային խմիչքներով անկարելի է նաեւ, օրինակ, ախտահանել թոքերը, ուստի բացարձակապէս անիմաստ է քորոնա ժահրէն պաշտպանութեան համար ալքոլային խմիչքներ խմելը: