Ախտանիշներ եւ պատճառներ
Որո՞նք են օլիկոարթրիտի ախտանիշները
Օլիկոարթրիտի ախտանիշները կ՛ազդեն չորս կամ նուազ յօդերու վրայ այն անձերուն պարագային, որոնց մօտ ախտորոշուած է այս վիճակը: Ախտանիշները կը տարբերին ծանրութեան աստիճանէն եւ կրնան ներառել.
-աղօտ տեսողութիւն
-յոգնածութիւն
-յօդի անհանգստութիւն
– յօդի կարծրութիւն
– փափուկ կամ ուռած յօդեր
Օլիկոարթրիտը անչափահասներու «իտէոփաթիք արթրիտ»ի տեսակ մըն է: «Իտէօփաթիք» սահմանումը կը վերաբերի անյայտ պատճառի: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ այս վիճակը կը յառաջանայ ժահրի կամ պաքթիրիաներու կողմէ աշխուժացուած «ճենեթիք միւթէյշըն»ի պարագային, սակայն հետազօտութիւնները կը շարունակուին:
Օլիկոարթրիտը կը տարածուի՞ այլ յօդերու վրայ
Որոշ պարագաներու օլիկոարթրիտը ժամանակի ընթացքին կրնայ տարածուիլ մարմնի այլ յօդերուն վրայ: Իւրաքանչիւր պարագայ յատուկ է տուեալ պայմանով ախտորոշուած անձին համար: Օլիկոարթրիտի ոչ բոլոր պարագաները կը տարածուին այլ յօդերու վրայ եւ այս վիճակը կրնայ ըլլալ մեղմէն ծանր:
Ախտորոշում եւ Քննութիւններ
Ինչպէ՞ս կ՛ախտորոշուի օլիկոարթրիտը
Փոքրիկի մը առողջապահութեան խնամատարը (բժիշկը) օլիկոարթրիտի ախտորոշում կը կատարէ անոր բժշկական ամբողջական տուեալները ունենալէ ետք, ներառելով՝ ախտանիշները, ախտանիշներու տեւողութիւնը եւ ծանրութիւնը, ախտահարուած յօդերու ֆիզիքական հետազօտութիւնը:
Բժիշկին քննութիւնը կը կեդրոնանայ այն պայմաններու բացառման վրայ, որ կը ներառէ փոքրիկին ախտորոշման տանող նմանատիպ ախտանիշներ:
Ախտորոշումը հաստատելու համար, բժիշկը կրնայ պահանջել պատկերային քննութիւններ, ինչպէս՝ X-ray կամ MRI ախտահարուած յօդերը տեսնելու համար: Ան կրնայ նաեւ պահանջել տարրալուծարանային քննութիւններ, օրինակ՝ մէզի, արեան կամ յօդային հեղուկի քննութիւն՝ բացայայտելու համար թէ ի՞նչը կը յառաջացնէ փոքրիկին ախտանիշները: Եթէ ախտանիշները կ՛ազդեն փոքրիկին տեսողութեան վրայ, բժիշկը կը յանձնարարէ այցելութիւն ակնաբոյժին՝ աչքի քննութեան համար՝ ստուգելու համար թէ աչքի բորբոքում կա՞յ, թէ՝ ոչ:
Վերաբերում եւ բուժում
Ինչպէ՞ս կը բուժուի օլիկոարթրիտը
Օլիկոարթրիտի բուժումը ուղղուած է ախտանիշներուն՝ նուազեցնելու բորբոքումը, կանխելու յօդերու վնասը եւ բարձրացնելու յօդերու շարժունակութիւնը:
Բուժումը կրնայ ներառել.
-ոչ «սթերոյտ»ային հակաբորբոքային դեղեր
-«քորթիքոսթերոյտ»ներ
-հիւանդութիւնը ձեւափոխող հակարէօմաթիք դեղեր
-կենսաբանական
-ֆիզիքական եւ «օքիւփէյշընըլ» թերափի
Բուժման որեւէ կողմնակի ազդեցութիւն գոյութիւն ունի՞
Փոքրիկին բժիշկը կամ խնամատարը կը վերահսկէ նշանակուած բուժման արդիւնաւէտութիւնը, նուազեցնելու համար կողմնակի ազդեցութիւնները, յատկապէս, եթէ փոքրիկը «քորթիքոսթերոյտ»ներ կը ստանայ: Երկարատեւ «քորթիքոսթերոյտ»ները կրնան տկարացնել ոսկորները եւ միջամուխ դառնալ անոնց բնականոն աճին ամբողջ մանկութեան ընթացքին:
Ոչ սթերոյտային հակաբորբոքային դեղերը կրնան յառաջացնել ստամոքսի խանգարում կամ սիրտխառնուք, հետեւաբար խնամատարը կը յանձնարարէ փոքրիկին վերոնշեալ դեղերը առնել ուտելիքին հետ՝ կողմնակի ազդեցութիւնները կանխելու համար:
Ինչպէ՞ս կարելի է կանխել օլիկոարթիրտը
Նկատի ունենալով, որ օլիկոարթրիտի գոյացման պատճառը անյայտ է, իրավիճակը կանխելու որեւէ միջոց չկայ:
Ի՞նչ պէտք է սպասել, եթէ օլիկոարթրիտով փոքրիկ ունինք
Օլիկոարթրիտը կ՛ազդէ փոքրիկի մը մարմնի յօդերուն վրայ, ինչ որ կրնայ դժուարացնել անոր աշխուժ ըլլալ, բաղդատելով իր տարիքի միւս փոքրիկներուն հետ, յատկապէս երբ անոնք բուժում չեն ստացած: Փոքրիկներու մեծամասնութիւնը կը յաղթահարէ այս վիճակը, երբ անոնք կը դառնան չափահաս:
Կարգ մը փոքրիկներ շատ աւելի յօդերու անհանգստութիւն կը զգան, երբ անոնք յառաջանան տարիքով եւ ցաւը կրնայ պատահիլ մարմնի տարբեր բաժիններու մէջ ժամանակի ընթացքին: Բուժումը կը նուազեցնէ յօդերու ցաւը եւ կարծրութիւնը, իսկ ֆիզիքական թերափին կը բարելաւէ փոքրիկին շարժունակութիւնը՝ արտօնելով անոր շարժիլ առանց սահմանափակումներու: