Տոփամինը, որ ժողովրդական լեզուով կը կոչուի «երջանկութեան հորմոն», ուղեղին մէջ կ՛աշխուժանայ բարձր «շարժառիթի» կամ ոգեւորութեան պարագային։ Այս հորմոնը կ՛օգնէ յիշողութիւններու ստեղծումին, ինչպէս նաեւ՝ մարդու մօտ հաճոյքի եւ երջանկութեան զգացում կը յառաջացնէ։
Ինչպէ՞ս կարելի է բարձրացնել օրկանիզմին մէջ տոփամինի մակարդակը։
Կրճատեցէք ճարպերու քանակը
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հետազօտողներ պարզած են, որ սննդակարգին մէջ յագեցած ճարպերու բարձր մակարդակի պարագային, ուղեղին մէջ տոփամինի ազդանշանային յատկութիւնները կը նուազին։ Յագեցած ճարպեր պարունակող տաւարի, խոզի, ոչխարի միսի մեծ քանակութեամբ օգտագործումը կրնայ բարձրացնել օրկանիզմին մէջ բորբոքումներու մակարդակը, ինչ որ կը յանգեցնէ ուղեղի խթանման բաժինի ազդանշանային գործընթացներու փոփոխութեան։
Աւելի շատ «փրոպայոթիքներ» օգտագործեցէք
Աղիքներուն մէջ կան նեարդային բջիջներ, որոնք կ՛արտադրեն եւ ուղեղին կ՛ուղարկեն ազդանշաններ, ներառեալ ազդանշաններ տոփամինի մեծ քանակութեան արտադրութեան վերաբերեալ։ Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ որոշ աղիքային մանրէներ նոյնպէս կրնան ինքնուրոյն տոփամին արտադրել։ «Փրոպայոթիքներու» օգտագործումը կ՛օգնէ աջակցելու օգտակար մանրէներու խումբերուն։
Շատ սպիտակուցներ օգտագործեցէք
Աշխատեցէք աւելի շատ սպիտակուցային ուտելիքներ օգտագործել։ Սպիտակուցները կազմուած են ամինօթթուներէ, որոնցմէ ոմանք (օրինակ՝ տիրոզինը) կապուած են օրկանիզմին մէջ տոփամինի արտադրութեան հետ։ «Ֆըրմենթները» օրկանիզմին մէջ տիրոզինը կը փոխակերպեն տոփամինի։
Յայտնի է նաեւ ֆենիլալանին ամինօթթուն, որը նոյնպես կապուած է տոփամինի մակարդակի բարձրացման հետ։ Այս ամինօթթուները կը հանդիպին հնդկահաւի, տաւարի միսի, կաթնամթերքներու, հաւկիթի, սոյայի եւ լոպազգիներու մէջ։
Ֆիզիքապէս աշխուժ եղէք
Եթէ դուք օրական առնուազն 10 վայրկեան մարզանքով զբաղիք, այդ մէկը կը բարձրացնէ էնտորֆինի մակարդակը։ Մարզանքները ուղեղին մէջ կը բարձրացնեն նաեւ տոփամինի մակարդակը, ինչ որ դրական կ՛ազդէ տրամադրութեան վրայ։
Ձգտեցէք շատ քնանալ
Հետազօտութիւններու համաձայն, օրկանիզմին մէջ տոփամինի բարձր քանակը կ՛արտադրուի արթննալու պահուն։ Ժամանակի յառաջացումով, անիկա կը նուազի, իսկ երեկոյեան կը հասնի իր նուազագոյնին։ Տոփամինն է, որ առաւօտեան կ՛օգնէ մեզ արթննալու։ Քունի պակասը կը խախտէ տոփամինի արտադրութիւնը եւ կը նպաստէ անոր անբաւարարութեան։