Փոքրիկները զգալիօրէն աւելի քալորիներ կը սպառեն մէկ օրուան ընթացքին՝ ոչ սննդարար ուտելիքներու ծանուցումներ դիտելէն ընդամէնը հինգ վայրկեան ետք, շրջադարձային ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գրած է The Guardian-ը:
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ երիտասարդները, որոնք տեսած կամ լսած են յագեցած ճարպերով, շաքարով եւ աղով հարուստ ուտելիքներու ծանուցումներ, սպառած են միջինը 130 յաւելեալ քալորի, ինչ որ համարժէք է երկու կտոր հացին:
Երկու տարբեր կացութիւններու մէջ մասնակիցներուն ցոյց տրուած է արագ սնունդի վերաբերեալ հինգ վայրկեաննոց ծանուցում մը, որուն յաջորդած է ոչ սննդային ապրանքներու ծանուցում: Այնուհետեւ, անոնց առաջարկուած է խաղող կամ տուրմէ սալիկներ, իսկ աւելի ուշ մատուցուած է աղի, քաղցր եւ առողջարար ուտելիքներէ բաղկացած ճաշ:
Հեղինակները հաշուարկած են, որ սննդամթերքի ծանուցումը դիտելէն ետք, փոքրիկները 58 քալորի աւելի սպառած են որպէս խորտիկ եւ յաւելեալ 7 քալորի ճաշի ընթացքին, քան ոչ սննդային ծանուցումը դիտելէն ետք:
Ուսումնասիրութիւնը, որ կը նախատեսուէր ներկայացնել Սպանիայ Մալակա քաղաքին մէջ կայանալիք Ճարպակալումի դէմ պայքարի եւրոպական համաժողովին, նոյնպէս ցոյց տուած է, որ քալորիներու ընդունման վրայ ազդեցութիւնը նոյնն է, անկախ անկէ, թէ ծանուցումին մէջ յատուկ ուտելիքներ կը ներկայացուի՞ն, թէ՞ արագ սունդի ընդհանուր ապրանքանիշեր: Եւ չ՛ազդեր նաեւ ծանուցումի տեսակը՝ ըլլայ այդ ձայնով տեսանիւթ, ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներ կամ «փոտքասթ»-ներու ծանուցում: