Հազարաւոր կեանքեր կրնան փրկուիլ ամբողջ աշխարհի մէջ արեան խումբի նոր համակարգի յայտնաբերումէն ետք, լուծելով 50-ամեայ առեղծուածը:
Հետազօտական խումբը, որ կը ղեկավարուէր Հարաւային Կլոսեսթրշայըրի NHS արեան եւ փոխպատուաստումի (NHSBT) գիտնականներուն կողմէ եւ աջակցութեամբ Պրիսթոլի համալսարանին, յայտնաբերած է արեան խմբաւորում մը, որ կը կոչուի MAL:
Անոնք ի յայտ բերած են նախապէս յայտնի AnWj արեան խմբաւորումի հակածինի ծինային ենթահողը (յայտնաբերուած 1972 թուականին), որ ճանչցուած չէր, մինչեւ «աշխարհի առաջին քննութեան մշակումը:
NHSBT-ի աւագ գիտաշխատող Լուիզ Թիլլին ըսած է, որ յայտնագործութիւնը կը նշանակէ աւելի լաւ խնամք ցուցաբերել հազուադէպ հիւանդներու համար:
Տիկին Թիլլին, որ 20 տարի աշխատած է նախագիծին վրայ, BBC-ին ըսած է, որ «բաւական դժուար է թուարկել», թէ քանի՞ մարդ պիտի օգտուի քննութենէն: Այնուամենայնիւ, NHSBT-ն վերջին յենակէտն է մօտաւորապէս 400 հիւանդներու համար իւրաքանչիւր տարի (աշխարհի տարածքին):
Ամէն անձ ունի սպիտակուցներ իր արեան կարմիր բջիջներէն դուրս, որոնք յայտնի են որպէս հակածիներ, սակայն փոքր թիւով մարդիկ չունին այդ սպիտակուցները:
Ծինային քննութեան միջոցով NHSBT-ի Միջազգային արեան խմբաւորումի րեֆըրընս տարրալուծարանը (Ֆիլթընի մէջ) առաջին անգամ ըլլալով մշակած է քննութիւն մը, որ կը բացայայտէ այս հակածինը չունեցող հիւանդները:
Քննութիւնը կրնայ փրկութիւն ըլլալ անոնց համար, որոնք կը հակազդեն արեան փոխներարկումի, ինչպէս նաեւ դիւրութիւն ըլլալ այս հազուադէպ արեան խմբաւորումին համար հաւանական արեան նուիրատուներ գտնելուն:
Ֆիլիփ Պրաուն, որ կ՛աշխատի տարրալուծարանին մէջ, ախտորոշուած է «լիւքիմիա»ով մօտաւորապէս 20 տարի առաջ: Ան արեան փոխներարկումի եւ ոսկրածուծի փոխպատուաստումի ենթարկուած է, առանց որուն ան կրնար մահանալ:
«Այն ինչ, որ կրնանք ընել, որպէսզի մեր արիւնը շատ աւելի ապահով ըլլայ եւ համապատասխանէ հիւանդներու, ճշգրիտ քայլ է շիտակ ուղղութեան», – ըսած է ան:
Տարրալուծարանի ղեկավար Նիքոլ Թորնթըն ըսած է. «AnWj-ի ծինային հիմքի լուծումը եղած է մեր ամենէն դժուար նախագիծերէն մէկը: Գիտական խստապահանջ գործընթացի կարիքը կայ հաստատելու համար, որ յատուկ ծին մը պատասխանատու է կարմիր արեան բջիջներու մակերեսին հակածին արտադրելու համար, որ կը սահմանէ արեան խմբաւորումը։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, մենք յանձնառու եւ խանդավառ ենք այս բացայայտումները կատարելով ի շահ հազուագիւտ հիւանդներու՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այժմ «ճինոթայփինկ»-ի քննութիւններ կրնան նախագծուիլ, ծինային կազմի միջոցով AnWj-բացասական հիւանդները եւ հետեւաբար նուիրատուները (արեան) յայտնաբերելու համար: Այսպիսի քննութիւններ կրնան աւելցուիլ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող «ճինոթայփինկ»-ի հարթակներուն»։
«Աշխարհի առաջին քննութիւնը»
Առողջապահութեան թղթակից Մեթիու Հիլը ըսած է, որ Ֆիլթընի մէջ «դիւրին է թերագնահատել NHSBT-ի միջազգային նշանակութիւնը»:
«Անոնք ոչ միայն մշակած են աշխարհի առաջին քննութիւնը, այլեւ ամբողջ աշխարհի երկիրներուն կը տրամադրեն հակամարմիններ՝ մղելով անոնց, որպէսզի հետազօտութիւններ կատարեն: Անոնք այլ երկիրներու տեղեկատու տարրալուծարաններէն են, որոնք արդէն իսկ շատ աշխատանք կատարած են եւ հասած՝ իրենց գործերու վերջակէտին եւ այնուհետեւ իրենց նմուշները կ՛ուղարկեն NHSBT», – ըսած է ան:
Տարրալուծարանի ղեկավար Նիքոլ Թորնթընը անոր ըսած է. «Յաճախ, եթէ տարրալուծարանները կարողութիւնը չունին լուծումներ գտնելու, մենք պէտք է շատ աւելի աշխատանք կատարենք, որպէսզի կարելի ըլլայ յայտնաբերել արեան նոր խմբաւորում կամ արեան խմբաւորման համակարգ, եթէ անիկա դիւրութեամբ լուծելի չէ մեր ձեռքերուն մէջ: Եւ այստեղէն կը սկսին յայտնաբերուիլ հետաքրքական պարագաները: Այս պահուն մենք ունինք քանի մը նոր աշխատանք, որ մենք կը կարծենք, թէ այդ կը յանգեցնէ որոշ նոր հակածիներու յայտնաբերման՝ արդէն իսկ յայտնի արեան խմբաւորումներու համակարգերուն մէջ»: