Ալոբեցիա»-ն ինքնադիմադրողականութեան հիւանդութիւն մըն է, որ պատճառ կը դառնայ գլխամաշկի եւ մարմնի անշրջելի մազաթափութեան՝ կեանքի որեւէ փուլի մը ընթացքին ազդելով աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 2 առ հարիւրին վրայ:
Աւստրալիայէն, Սինկափուրէն եւ Չինաստանէն հետազօտողներու խումբ մը յայտնաբերած է, որ աշխուժացուած մազապարկերու (follicles) ցօղունային բջիջները (HFSCs), որոնք անհրաժեշտ են մազերու աճին եւ վերականգնումին համար, կախեալ են MCL-1 կոչուող զօրաւոր պաշտպանիչ սպիտակուցէն՝ պատշաճօրէն գործելու համար: Առանց MCL-1-ի, այս բջիջները «սթրես»-ի կ՛ենթարկուին եւ ի վերջոյ կը մեռնին՝ յանգեցնելով մազաթափութեան, յայտնած են գիտնականները Nature Communications-ին մէջ:
Մազապարկերը փոքր փապուղիի նմանող կառուցուածքներ են մորթին մէջ, ուր մազը կ՛աճի: Անոնք կ՛անցնին երեք անջատ փուլերէ՝ «անաճեն», աշխոյժ աճի փուլ, «քաթաճեն», անցումային փուլ, որ կը յատկանշուի դանդաղ աճով ու մազապարկերու կծկումով եւ «թելոճեն»՝ հանգիստի փուլ, որուն ընթացքին աճը կանգ կ՛առնէ եւ մազը կը թափի։ Այնուհետեւ, շրջանը դարձեալ կը սկսի, որ կը կարգաւորուի HFSC-ներուն կողմէ:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ երբ HFSC-ները «սթրես»-ի կը մատնուին մազաթափութեան կամ մազապարկերու կծկումին պատճառով, անոնք կրնան ենթարկուիլ «ափոփթոզ»-ի՝ (վերահսկուող բջիջներու մահուան ձեւ մը) նպաստելով հետագայ մազաթափութեան:
Այս «ափոփթոթիկ» գործընթացը կը կարգաւորուի BCL-2 սպիտակուցի ընտանիքին կողմէ, որ կ՛որոշէ բջիջի գոյատեւումը կամ մահը: Մինչ այս ընտանիքի անդամ MCL-1-ը յայտնի է որպէս գոյատեւումի կողմնակից սպիտակուց, անոր դերը HFSC կարգաւորման եւ մազերու վերականգնման աշխատանքին մէջ կը մնայ անհասկնալի: Որպէսզի կարելի ըլլայ ուսումնասիրել MCL-1-ի ազդեցութիւնը HFSC կարգաւորումին վրայ, գիտնականները ջնջած են մուկի մորթի բջիջներէն առնուած MCL-1 ծինը եւ հեռացուցած՝ գոյութիւն ունեցող մազերէն բաժին մը:
Անոնք յայտնաբերած են, որ ծնունդով MCL-1-ի պակասը չ՛ազդեր մազապարկերու ձեւաւորման վրայ, սակայն աստիճանաբար կ՛առաջնորդէ մազաթափութեան՝ ժամանակի ընթացքին HFSC մակարդակի նուազումին պատճառով: