Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտնականները ստեղծած են իւրայատուկ դիմադրողական բջիջներ, որոնք կրնան օրեր շարունակ յարձակիլ քաղցկեղային ուռուցքներու վրայ։ Անոնք իրենց արդիւնքներուն մասին հրապարակած են Cell գիտական ամսագրին մէջ։
Մեթոտը հիմնուած է CAR-T բուժումին վրայ, որուն ընթացքին հիւանդին «Թ-լիմֆոսայթ»-ները առնուելով, փոփոխութեան կ՛ենթարկուին եւ կը վերադարձուին, անոնց տալով աւելի զօրաւոր կարողութիւն՝ գտնելու եւ ոչնչացնելու քաղցկեղային բջիջները», – գրած է Planet Today-ը։ Այնուամենայնիւ, «սթանտարտ» ձեւափոխուած Թ-բջիջները աշխոյժ կը մնան ընդամէնը 24 ժամ, որմէ ետք անոնք կը կորսնցնեն իրենց արդիւնաւէտութիւնը:
Այս խնդիրը լուծելու համար գիտնականները մշակած են դիմադրողական բջիջները օրկանիզմին մէջ աշխուժացնելու նոր մեթոտ մը։ Ախտահարուած հատուած մուտք գործելէն ետք, անոնք կ՛աշխուժացուին ուլթրաձայնային «իմփալս»-ներու միջոցով։ Միայն 10 վայրկեան ազդեցութիւնը բաւարար է «Թ-լիմֆոսայթ»-ները աշխոյժ պահելու համար առնուազն հինգ օր։ Այս մօտեցումը կ՛արտօնէ զգալիօրէն բարձրացնելու ուռուցքի վրայ յարձակումի տեւողութիւնը՝ առանց բջիջներու կրկնակի ներմուծումի անհրաժեշտութեան։
Նոր բջիջները, որոնք կը կոչուին EchoBack-CAR, ոչ միայն աւելի աշխոյժ են, այլեւ՝ աւելի ապահով։ Անոնք կ՛ոչնչացնեն միայն ուռուցքային բջիջները, իսկ երբ դուրս կու գան ախտահարուած հատուածէն, կը կորսնցնեն իրենց «ակրեսիվ» յատկութիւնները, որուն շնորհիւ կը նուազի առողջ հիւսուածքներու վնասման վտանգը։
Բջիջները կրնան արձագանգել ուռուցքային ազդակներուն՝ արտազեղելով յաւելեալ «մոլեքիւլ»-ներ քաղցկեղային բջիջներ ոչնչացնելու համար, նշած է հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակ Լոնկուէյ Լիուն՝ Վիթըրպիի ճարտարագիտական դպրոցի օգնական փրոֆեսորը։ Այս «մեքանիզմ»-ը բուժումը կը դարձնէ աւելի ճշգրիտ եւ վերահսկելի՝ բանալով նոր կարելիութիւններ քաղցկեղի դէմ պայքարի աշխատանքին մէջ։