Ձեր եղունգներուն տակ մութ գոյնի կէտ կամ բիծ նկատելու պարագային, հաւանաբար լաւ գաղափար է դիմել մաշկաբանի մը։ Medical Xpress բժշկագիտական ամսագրին համաձայն, այդ կրնայ «մելանոմա»-ի մէկ տեսակը ըլլալ։
«Այդ հազուադէպ հիւանդութիւն է եւ սարսափելի է, որ այդպէս է, որովհետեւ շատ մարդիկ չեն մտածեր քննել տալ իրենց եղունգները», – ըսած է Լորըն Քոլցը, որ բուժուած էր Քլիվլենտի «քլինիք»-ին մէջ։ Հոն բժիշկները գործողութիւն կատարելով հեռացուցած են անոր եղունգներուն տակ գտնուող քաղցկեղային ուռուցքը, ինչպէս նաեւ շրջակայքի հիւսուածքը՝ վերացնելու համար մնացեալ որեւէ քաղցկեղային բջիջները:
Ենթամաշկային «մելանոմա»-ն, որ կը զարգանայ ձեռքերու կամ ոտքերու եղունգներուն տակ, մորթի քաղցկեղի հազուադէպ, բայց լուրջ տեսակ է, որ սովորաբար չի յառաջանար արեւու ազդեցութեան հետեւանքով:
Անիկա սովորաբար կը յայտնուի որպէս մութ գոյնի կէտ կամ գունաթափում եղունգի տակ: Մելանոմայի այս տեսակը կրնայ պատահիլ բոլոր ցեղերու, ազգերու եւ տարիքի մարդոց: Եթէ կանուխ յայտնաբերուի եւ սահմանափակուի միայն մորթի վերին շերտով, ապա կանխատեսումը աւելի լաւ կ՛ըլլայ, իսկ բուժումը՝ աւելի նուազ ներխուժող:
Քոլցը յայտնած է, թէ սկիզբը իր եղունգներուն շագանակագոյն հետքը վերագրած է վիթամինի պակասի եւ անտեսած է որեւէ լուրջ բանի հաւանականութիւնը: Այժմ, ան երախտապարտ է իր բժիշկին «մելանոմա»-ն կանուխ փուլին յայտնաբերելուն համար՝ զայն հեռացնելով վիրահատութեան ճամբով։ «Ենթամաշկային մելանոմա»-ն «աքրալ» ոսպնեակային «մելանոմա»-ի տեսակ մըն է, որ կը զարգանայ մարմնին այն հատուածներուն մէջ, որոնք չեն ենթարկուիր արեւու ազդեցութեան, մասնաւորաբար՝ ձեռքի ափերու եւ ոտնաթաթերու տակ:
«Այս հազուադէպ հիւանդութիւն է, բայց նաեւ աւելի «ակրեսիվ», – ըսած է բժիշկ Փօլ Պենետեթթոն, մաշկաբան եւ Ֆլորիտայի Քլիվլենտ «քլինիք»-ի Մոհս վիրաբոյժ:
Պենետեթթոն ամէն տարի կը քննէ քանի մը հիւանդներ Coral Springs-ի իր գրասենեակին մէջ, որոնց եղունգներուն տակ «մելանոմա» կը գտնուի: Ան բուժած է «աքրալ» ոսպնեակային «մելանոմա»-ի պարագաները եւ յայտնած է, թէ ձեռքերու կամ ոտքերու վրայ նոյնիսկ փոքր շագանակագոյն բիծը կրնայ ըլլալ մորթի քաղցկեղի նախազգուշական նշան:
Մաշկաբանները կը շեշտեն, որ կանոնաւոր «սքրինինկ»-ները կարեւոր են «մելանոմա»-ի եւ մորթի այլ տեսակի քաղցկեղի կանխարգիլման եւ կանուխ յայտնաբերման համար։ Մայեմիի քաղցկեղի հիմնարկի (Miami Cancer Institute) մորթի «քլինիք»-ը կրնայ առաջարկել մարմնի ամբողջական «սքանաւորում» Vectra 3D սարքի միջոցով, որ կ՛ընդգրկէ մանրամասն պատկերներ եւ միեւնոյն ժամանակ կը ստեղծէ մարմնի քարտէզ՝ մասնագէտներու միջոցով հետազօտելու եւ հետեւելու վնասուածքներուն եւ այլ անկանոնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ գնահատելու փոփոխութիւնները ժամանակի ընթացքին։ Vectra-ն կրնայ նաեւ մօտէն առնել կասկածելի վնասուածքներու «տերմաթոսքոփիք» պատկերներ՝ աւելի մանրամասն գնահատման եւ քաղցկեղի կանուխ յայտնաբերման համար: Ապահովագրութիւնը սովորաբար չի ծածկեր Vectra 3D «սքանաւորումի» արժէքը, որ կը կազմէ մօտաւորապէս $595: