Ուսումնասիրութիւնը, որ կատարած է կենսաբաններու եւ բժիշկներու միջազգային խումբը տարբեր երկիրներէ, այդ շարքին՝ Չինաստանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Շուէտէն եւ Յունաստանէն, ցոյց տուած է, որ քաղցկեղը աւելի ու աւելի տարածուած է ամբողջ աշխարհի երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Նախապէս կ՛ենթադրուէր, որ քաղցկեղը բնորոշ է 50 տարեկանէն վեր եղող մարդոց, սակայն այս հետազօտութիւնը հերքած է այս կարծրատիպը, յայտնած է BMJ Oncology պարբերականը։
Հետազօտողները վերլուծած են 14-էն 49 տարեկան մարդոց մօտ ախտորոշուած քաղցկեղի 29 տեսակներու վերաբերեալ տուեալները՝ հիմնուելով 2019ի «Հիւանդութիւններու համաշխարհային բեռի» տուեալներուն վրայ: Հետազօտութիւնը ներառած է տեղեկատւութիւն՝ 204 երկիրներէ: Անոնք գնահատած են հիւանդացութեան եւ մահացութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ՝ տարեկան տոկոսային փոփոխութիւնները:
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ 2019ին 14-էն 49 տարեկան 3,26 միլիոն մարդու մօտ քաղցկեղ ախտորոշուած է՝ 1990 թուականէն ի վեր 79,1 առ հարիւրով աւելի։ Երիտասարդներու շրջանակին մէջ քաղցկեղի ամէնէն տարածուած ձեւը կրծքագեղձի քաղցկեղն էր: Այնուամենայնիւ, հիւանդացութեան արագ աճ նկատուած է նաեւ քիթ-կոկորդի եւ շագանակագեղձի քաղցկեղի պարագային, մինչդեռ լեարդի քաղցկեղը ցոյց տուած է ամենազգալի նուազումը:
2019ին վաղաժամ քաղցկեղէն մահացութիւններու թիւը աճած է մինչեւ 1,06 միլիոն՝ 27,7 առ հարիւրով աւելի, քան 1990ին։ Մահուան դէպքերու ամէնէն բարձր թիւը կապուած է կրծքագեղձի քաղցկեղի, շնչափողի, «պրոնքիըլ» խողովակներու եւ թոքերու քաղցկեղի, ինչպէս նաեւ՝ ստամոքսի ու «քոլորեքթըլ» քաղցկեղի հետ: Երիկամներու եւ ձուարաններու քաղցկեղէն մահացութեան դէպքերու ամէնէն արագ աճը արձանագրուած է երիտասարդներու շրջանակին մէջ, մինչդեռ շատ նուազած են լեարդի քաղցկեղէն մահացութեան դէպքերը: Այս բացայայտումները կ՛ընդգծեն հանրային առողջութեան կարեւոր մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծեն երիտասարդներու շրջանակին մէջ քաղցկեղի կանուխ ախտորոշման եւ կանխարգիլման կարեւորութիւնը: