Սան Անթոնիոյի Թեքսասի համալսարանի (UT Health San Antonio) հետազօտողները յայտնաբերած են, որ 9 ժամ կամ աւելի քնանալը կապուած է վատ ճանաչողական գործունէութեան հետ, յատկապէս ընկճախտ ունեցող մարդոց մօտ: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Alzheimer’s & Dementia (A&D) բժշկական ամսագրին մէջ:
Հետազօտութիւնը կատարուած է Framingham Heart Study-ի ծիրին մէջ եւ ներառած է 27-էն 85 տարեկան 1853 կամաւորներ, որոնց միջին տարիքը մօտաւորապէս 50 էր: Հետազօտողները նպատակադրած են պարզել, թէ ինչպէ՞ս քունի տեւողութիւնը կ՛ազդէ ուղեղի աշխատանքին վրայ, յատկապէս ընկճախտի ախտանիշներու առկայութեան կամ բացակայութեան հետ կապուած:
Հեղինակները կը շեշտեն, որ թէ՛ անբաւարար, թէ՛ չափէն աւելի քունը կրնայ բացասաբար ազդել յիշողութեան, կեդրոնացումի եւ որոշումներ կայացնելու կարողութեան վրայ։ Համաշխարհային ուղեղի առողջութեան խորհուրդին համաձայն՝ մեծերու համար քունի ամենէն բարենպաստ քանակը եօթէն ութ ժամ է:
Հետազօտութիւնը ուսումնասիրած է քունի եւ ընկճախտի միջեւ կապը: Մասնակիցները բաժնուած են չորս խումբի՝ հիմնուելով ընկճախտի ախտանիշներու առկայութենէն եւ ծանրութենէն: Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ընկճախտ ունեցող մարդոց շրջանակին մէջ, անկախ անկէ, թէ անոնք դեղորայք կը ստանան կամ ոչ, քունի աւելի երկար տեւողութիւնը կապուած էր աւելի մեծ ճանաչողական անկման հետ:
Ճանաչողական անկում նկատուած է նաեւ առանց ընկճախտի մասնակիցներու մօտ, բայց աւելի նուազ չափով: Յատկանշական է, որ հակաընկճախտային դեղեր ստացող անհատներ առանց ընկճախտի ախտանիշներ դրսեւորելու, վիճակագրօրէն նշանակալի փոփոխութիւններ չեն ունեցած:
Հետազօտողները կը նշեն, որ քունի խանգարումները եւ ընկճախտը յաճախ սերտօրէն կապուած են. ընկճախտ ունեցող մարդոց մօտաւորապէս 90%-ը կը յայտնէ, որ քունի հետ կապուած խնդիրներ ունի: