Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն՝ աշխարհի իւրաքանչիւր երրորդ մարդը իր կեանքի ընթացքին կ՛ունենայ քունի խանգարումներ։ Մարդու կեանքի այլ տեսանկիւններուն վրայ այս խանգարումներու ազդեցութեան ըմբռնումը առաջնային նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անիկա կրնայ հիմք ծառայել ոչ միայն քունի սահմանուած կարգին, այլեւ ընդհանուր առողջութեան եւ կեանքի որակի բարելաւման ուղղուած նոր միջամտութիւններու մշակման:
Հակառակ անոր, որ քունի խանգարումներու եւ լսողութեան կորուստի միջեւ կապը լայնօրէն ուսումնասիրուած է, սակայն անոնք որքանո՞վ կ՛ազդեն իրարու վրայ, տակաւին յստակ չի բացատրուիր:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ լսողութեան կորուստը կրնայ դժուարաութիւն ստեղծել անհատներու, որ լիարժէք գիշերային քուն ունենան, մինչդեռ ուրիշներ կ՛ենթադրեն, որ քունի խանգարումները կրնան նպաստել լսողութեան վնասման: Քունի խանգարումներու եւ լսողութեան կորուստի փոխյարաբերութիւններու աւելի յստակ պատկերացում կազմելու համար Չինաստանի ռազմաօդային ուժերու բժշկական համալսարանի գիտնականները վերջերս վերանայած են այս նիւթին շուրջ առկայ հետազօտութիւնները:
Անոնց աշխատութիւնը, որ հրապարակուած է Neuroscience ամսագրին մէջ, կը բացայայտէ հիմնական կենսաբանական մեքանիզմներ, որոնք կը գտնուին ինչպէս քունի խանգարման, այնպէս ալ լսողութեան կորուստի հիմքին մէջ եւ կ՛առաջարկէ պատկերացումներ, որոնք կրնան տեղեկացնել քունի խանգարումներու բուժման նոր մեթոտներու մշակման մասին:
Հետազօտական խումբին կողմէ նախորդ հետազօտութիւններու վերանայումը ցոյց տուած է, որ քունի տարբեր փուլերը կրնան տարբեր ձեւերով ազդել լսողութեան ընկալումին վրայ:
Օրինակ, ձայները ընկալելու ունակութիւնը զգալիօրէն աւելի մեծ է աչքերու ոչ արագ շարժման (NREM) քունի ժամանակ, քան աչքերու արագ շարժման (REM) քունի ժամանակ: Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են նաեւ, որ լսողութեան կորուստը կրնայ բացասաբար ազդել լսողութեան խանգարումներ ունեցող մարդոց քունի որակին վրայ: Այս կրնայ ըլլալ այն պատճառով, որ անոնք յաճախ աւելի զգայուն կ՛ըլլան յետին աղմուկի նկատմամբ, ինչ որ կրնայ դժուարացնել քնանալը կամ գիշերուան ընթացքին աւելի յաճախակի արթուն մնալը:
Միւս կողմէ, որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ քունի պակասը կրնայ բարձրացնել լսողութեան կորուստի վտանգը հետագային: Թէեւ այս յարաբերութիւններու հիմքին մէջ ինկած մեքանիզմները տակաւին ամբողջովին յստակացած չեն, քունի խանգարումներու բուժումը որոշ պարագաներու կրնայ նաեւ օգնել բարելաւելու լսողութիւնը: