Ծխելը կը նպաստԷ ընկճախտի եւ շիզոֆրենիայի զարգացման. Գիտնականներ
Աւելի քան կէս միլիոն բրիտանացիներու «Դեզօքսիռիբոնուկլեինաթթու»-ներու (Deoxyribonucleic acid) հետազօտութիւնը գիտնականներուն օգնած է ապացուցելու, որ ծխելը կը նպաստէ ընկճախտի եւ շիզոֆրենիայի զարգացման՝ գրեթէ կրկնապատկելով այս հոգեկան խանգարումներու զարգացման հաւանականութիւնը: Այս մասին գրած են «կենեթիկները» (geneticists), որոնք յօդուած հրապարակած են Psychological Medicine հանդէսին մէջ, հաղորդած է «Արմենփրես»-ը: «Հոգեկան հիւանդութիւններ ունեցողները յաճախ կ՛անտեսուին ծխելու եւ միւս վնասակար սովորութիւններու…