Ինչո՞ւ ցերեկը քնանալը վտանգաւոր է

Մարդիկ, որոնք կը քնանան ցերեկը կամ չափէն աւելի երկար կը քնանան գիշերը (9 եւ աւելի ժամ), աւելի շատ ենթակայ են կաթուած ունենալու վտանգին։ Այս մասին կը նախազգուշացնեն  Ուհանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու համալսարանի չինացի գիտնականները։ 6 տարի տեւած հետազօտութեան մասնակցած է 31 750 մարդ Չինաստանի մէջ, որոնց միջին տարիքը 62 է։ Դիտարկումներու սկիզբը կամաւորներու մօտ կաթուածներ…

Բրիտանացիներու 40 առ հարիւրը Ծնունդին կը հրաժարի աւանդական հնդկահաւէն

Աւելի շատ բրիտանացիներն են, որոնք Ծննդեան տօներուն կը հրաժարին հնդկահաւով աւանդական ընթրիքէն՝ զայն փոխարինելով այլ կերակրատեսակներով: Այդ մասին կը վկայէ հասարակական կարծիքի հարցումը, որ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Whole Foods Market հանրախանութներու ցանցի նախաձեռնութեամբ: Անիկա մասնագիտացած է առանց արհեստական ներկանիւթերու, համի ուժեղացուցիչներու, քաղցրացուցիչներու եւ արտաճարպերու պարունակութեան օրկանական ուտելիքներու վաճառքի բնագաւառին մէջ,…