Ինչպէ՞ս կազմակերպել փոքրիկներու սննդակարգը Ամանորի առիթով

Տօներու ընթացքին, փափաքելի է փոքրիկի մը սննդակարգը չփոխել, ինչպէս կը պնդեն բազմաթիւ մասնագէտներ: Անշուշտ, դժուար է փոքրիկին զրկել տօնական ուտելիքներէն, սակայն հիւրասիրութեան ժամանակ, խնդիրներէ խուսափելու համար, պէտք է զգուշ ըլլալ «անծանօթ» սնունդ առնելու առումով, կը նշեն մասնագէտները: Փոքրիկներու մեծամասնութիւնը շատ կը սիրէ կազաւորուած խմելիք եւ քաղցր հիւթեր, սակայն անոնք, ինչպէս յայտնի է, այդքան ալ օգտակար…