Մէզի Տարրալուծութիւնը Կրնայ Օգնել Մարդուն Առողջ Սննդակարգ Ընտրելու
Տարբեր մարդիկ կրնան տարբեր ձեւով արձագանգել նոյն ուտելիքներուն, այդ պատճառով բոլորին համար յարմար ընդհանուր սննդականոն պարզապէս գոյութիւն չունի: Մասնագէտները մշակած են մէզի 5 վայրկեաննոց քննութիւն մը, որ կրնայ որոշել, թէ արդեօք անհատին կը համապատասխանէ՞ այն սննդականոնը, որուն ան կը հետեւի: Ապագային այդ մէկը կրնայ օգնել ընտրելու անհատական սննդականոններ, որոնք կը համապատասխանեն նիւթափոխանակութեան տարբեր առանձնայատկութիւններով մարդոց:…