Կարգ Մը Ուտելիքներ Կրնան Յանգեցնել Տկարամտութեան

Որոշ ուտելիքներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը վիթամիններու աւելցուկը կամ անբաւարարութիւնը կրնան յանգեցնել ուշաթափութիւններու եւ տկարամտութեան, կը հաւաստիացնեն ամերիկացի սննդաբանները։ Անոնց կարծիքը կը վկայակոչէ «Eat This, Not That!» պարբերականը։ Ուղեղի բնական աշխատանքի համար, մասնագէտները կը յանձնարարեն կրճատել շաքարի քանակը սննդաբաժինին մէջ։ Բժիշկ Տիմիթար Մարինով կը յայտնէ, թէ հակառակ անոր որ «կլիւքոզ»ը ուղեղի հիմնական վառելանիւթն է, շատ…

Աղիքներու Մանրէները Կրնա՞ն Խանգարել Նիհարնալու Գործընթացը

Նիհարնալու փորձերու արդիւնաւէտութիւնը կապուած է ոչ միայն անոր հետ, թէ մարդ որքան կ՛ուտէ եւ կը շարժի, այլ նաեւ՝ աղիքներու «մայքրոպիոթա»-ի հետ: Այս մասին յայտնած են Սիեթլի համակարգային կենսաբանութեան հիմնարկի գիտնականները: գիտնականները վերլուծած են աւելորդ կշիռքի դէմ պայքարի մասշտաբային ծրագիրի մօտաւորապէս 100 մասնակիցի տուեալները: Անոնց կէսը յաջողած է 6-12 ամսուան ընթացքին կորսնցնել կշիռքին 1 առ հարիւրը,…