Որոշ Ուտելիքներ Կրնան Գլխացաւ Եւ «Միկրեն» Յառաջացնել
Որոշ ուտելիքներ առողջութեան համար օգտակար կը նկատուին, սակայն կրնան որոշ խնդիրներ յառաջացնել, այդ շարքին՝ գլխացաւ եւ «միկրենի նոպա»ներ: Նեարդաբան Թաթիանա Վոն յայտնած է, որ գլխացաւ կրնան յառաջացնել այնպիսի ուտելիքներ, ինչպէս՝ «սիթրըսային միրգ»երը, տուրմը, սուրճը եւ ալքոլային խմիչքները: «Կան ուտելիքներ, որ կը յառաջացնեն «միկրենի նոպա»ներ: «Միկրեն»ի պարագային քլինիքական պատկերը յատկանշական է` նոպայի ձեւով գլխացաւ, զօրաւոր ուժգնութեամբ:…