Հետազօտութիւններ՝«Օմիքրոն» Տարբերակի Յատկութիւնները Բացայայտելու Ուղղութեամբ

2021ի Նոյեմբերին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց Քորոնա ժահրի նոր տարբերակի՝ «Օմիքրոնի» մասին: Այժմ, գիտնականները Հարաւային Ափրիկէի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հետազօտութիւններ կը կատարեն «Օմիքրոն» տարբերակի յատկութիւնները բացայայտելու համար: Այս պահուն, տակաւին պարզ չէ, որ «Օմիքրոն» տարբերակը միւսներուն հետ բաղդատելով աւելի՞ վարակելի է, թէ՞ ոչ, հակառակ անոր որ Հարաւային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ, ուր շրջանառութեան մէջ է…

Վտանգներ Կրնան Պահուըտած Ըլլալ Տօնածառերուն Մէջ

Տօնածառերը ամբողջովին անվտանգ եւ անվնաս չեն։ Այս մասին, յղում կատարելով բրիտանացի գիտնականներուն, զգուշացուցած է «The Sun» պարբերականը։ Գիտնականներու խումբը  պարզած է, որ տօնածառերուն մէջ կան ոչ միայն հակածիններ, այլեւ՝ բորբոսի 53 տեսակ։ Այս բոլոր նիւթերը կրնան մարդոց մօտ գլխացաւ ստեղծել։ Աւե՛լին, «ալերճիք» հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկ յաճախ շատ զօրաւոր կերպով կ՛արձագանգեն բոյսերու եւ խոտաբոյսերու հոտերուն, անոնց…