COVID-19-էն Ետք Կրնան Աւելնալ Հոգեկան Խանգարումները
Քորոնա ժահրով վարակուելէն ետք, մէկ տարուան ընթացքին, մարդու մօտ կ՛աւելնայ հոգեկան տարբեր խանգարումներու, այդ շարքին տագնապի, «տիփրեշըն»ի յառաջացման, քունի խանգարման եւ antipsychotic դեղերու (դեղեր, որոնք նախատեսուած են հոգեկան գործունէութեան խանգարումներու բուժման համար) օգտագործման հաւանականութիւնը։ Հետազօտութիւններու համաձայն՝ COVID-19-ով հիւանդացողներու 20 առ հարիւրը կ՛ունենայ հոգեբանական եւ նեարդաբանական տարբեր բարդութիւններ, այսպէս կոչուած, յետքովիտային համախտանիշի ծիրին մէջ։ Ամէնէն աւելի…