Որոշ Վարակներ Կրնան «Ընկերանալ» COVID-19-ին

COVID-19-ին կրնայ «ընկերանալ» վարակիչ այլ հիւանդութիւններ, որովհետեւ հիւանդի մը դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ եւ չի կրնար հիւանտութիւնները արդիւնաւէտօրէն դիմակայել։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է վարակաբան Նիքոլայ Մալիշեւ։ «Խօսքը թէ՛ վիրուսային, թէ՛ սնկային հիւանդութիւններու, թէ՛ «պաքթերիըլ» վարակներու մասին է։ Այդ կը բարդացնէ հիւանդութեան ընթացքը՝ մեծ վտանգ ներկայացնելով անհատի մը համար, որ հիւանդ է կամ արդէն յաղթահարած է հիւանդութիւնը»,-…

COVID-19-ը Կրնայ Ուղեղի Փոքրացում Յառաջացնել

COVID-19-ը կրնայ յանգեցնել ուղեղի գորշ նիւթի ծաւալներու փոքրացման։ Այս մասին գրուած է Nature ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մը մէջ։ Քորոնաժահրային վարակը յաճախ կը յառաջացնէ համի եւ հոտի խախտումներ։ Բրիտանացի մասնագէտները ապացուցած են, որ այդ կրնայ յանգեցնել ուղեղի գորշ նիւթի ծաւալներու փոփոխութեան՝ հոտառութեան հետ կապուած մասերուն մէջ, նշած է Medportal.ru-ն: Ուղեղի նախորդ հետազօտութիւնները՝ «մագնիսառեզոնանսային թոմոկրաֆի»ի magnetic…