Մատներու Թմրութեան Հիմնական Պատճառը

Մատներու թմրելու յաճախակի պատճառը, այսպէս կոչուած, «թիւնելային» ախտանշաններն են։ Այս մասին տեղեկացուցած են նեարդաբաններ Եուրի Անտրուսով եւ Փավել Խորոշեւ: «Եթէ մենք կը խօսինք ձեռքերու մատներու մշտական կամ երբեմն թմրելու մասին, ապա պատճառը ձեռքերու նեարդերու որոշ ախտահարումներն են։ Հիմնական պատճառը, այսպէս կոչուած, «թիւնելային» ախտանշաններն են։ Նման պարագայի այս կամ այն նեարդը կը սկսի սեղմուիլ աւելի խոցելի…

Երիտասարդ Տարիքին Ալքոլի Շատ Օգտագործումը Կ՛աւելցնէ Քաղցկեղի Յառաջացման Վտանգը

Ալքոլի օգտագործումը կանուխ տարիքին կ՛աւելցնէ քաղցկեղի յառաջացման վտանգը ապագային: Նման եզրակացութեան յանգած են Մելպուռնի համալսարանի մասնագէտները նոր հետազօտութեան մը ընթացքին։ Մասնագէտները վերլուծած են քաղցկեղի հեռանկարային հետազօտութեան տուեալները, որուն մասնակցած են 22756 կին եւ15701 տղամարդ 1990-1994 թուականներուն, գրած է Medportal.ru-ն: Կամաւորները բաժնած են քանի մը խումբերու՝ կախեալ տարբեր տարիքի ալքոլի օգտագործման մակարդակէն։ Ծանր գինովութիւն նկատուած է…