Գիտնականները Կը Պարզեն Թէ Ինչ՞ը Կը Ստիպէ Մարդոց Շատ Քաղցրեղէն Ուտել
Քաղցրաւենիքի հանդէպ սերը պայմանաւորուած է աղիքներու մէջ S24-7 ընտանիքի պաքթիրիաներու բացակայութեամբ։ Նման եզրակացութեան յանգած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտնականները։ Հետազօտողներու աշխատանքը հրապարակուած է Current Biology ամսագրին մէջ։ Մասնագէտները շարք մը փորձեր կատարած են մուկերու վրայ։ Գիտնականները մուկերուն կերակրած են հակապայոթիքներ, որոնք խախտած են աղիքներու «մայքրոպայոթան», իսկ ետքը անոնց շաքարի հատիկներ տուած են։ Երկու ժամուան ընթացքին խանգարուած…