The Last of Usի Սպառնալիքը Կրնայ Իրականութիւն Դառնալ

Համաշխարհային ջերմացումը «ֆանկըս»ները (fungus) աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ մարդկութեան համար, նախազգուշացուցած են Տիուքի համալսարանի մայքրոկենսաբանները: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PNAS ամսագրին մէջ: Յարուցիչ «ֆանկըս»ները աւելի վտանգաւոր են տկար դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց համար։ Մարդոց մեծամասնութեան համար ատոնք սպառնալիք չեն, որովհետեւ չեն հանդուրժեր մարդու մարմնի տաքութիւնը: Այնուամենայնիւ, համաշխարհային ջերմացումը կրնայ շտկել ատիկա, ըսած են գիտնականները: Գիտնականները արձանագրած…

Կը Ստեղծուի Տարեցներու Ակռաներու Կորուստը Կանխող Միջոց Մը

Ամերիկացի գիտնականներ փորձի համար պատրաստուած դեղի մը օգնութեամբ վերականգնած են ծերացող կենդանիներու ոսկորները՝ ամբողջովին կանխելով ակռաներու կորուստը։ Լենքընաուի բժշկական հետազօտութիւններու հիմնարկի աշխատութիւնը հրապարակուած է Frontiers in Dental Medicine ամսագրին մէջ։ Տարիքի ընթացքին ոսկրային զանգուածի կորուստը կը յառաջացնէ լինտերու եւ ծնօտի ոսկորներու «տիճենըրէյշ», ինչ որ կը յանգեցնէ տարեց մարդոց ակռաներու կորուստին։ Գիտնականները 1,4-DPCA (փորձի համար պատրաստուած)…