Glaxo Ընկերութիւնը Կը Պահէ Zantacի Վտանգաւոր Ըլլալու Իրականութիւնը

Բրիտանական Glaxo դեղի ընկերութիւնը աւելի քան 40 տարի պահած է ստամոքսի խոցի եւ այրուցքի դէմ իր դեղի՝ Zantac-ի վտանգաւոր ըլլալը, կը յայտնէ Bloomberg-ը։ Գործակալութիւնը բացայայտած է, որ այդ կապուած է դեղի ազդող նիւթի` «ռէնիդիտին»ի հետ, որ իբրեւ դեղ ստանալու պարագային, կ՛արտադրէ «N-նիթրոզոտիմեթիլամին» (NDMA) զօրաւոր քաղցկեղածինը: Արտադրող ընկերութիւնը այս կողմնակի ազդեցութեան մասին տեղեկացած է 1978 թուականէն…