Արեան Հետազօտութիւն՝ Ուղեղի Քաղցկեղի Ամէնէն Վտանգաւոր Տեսակի Բացայայտման Համար

Ամերիկացի գիտնականները մշակած են արեան հետազօտութիւն ուղեղի քաղցկեղի ամէնէն վտանգաւոր տեսակի՝ «կլիոմայի պայոմարքըր»ներու բացայայտման համար։ Փենսիլվէնիայի համալսարանի մասնագէտներու հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «The Journal of Neuro-Oncology» ամսագրին մէջ։ «Կլիոմա»ն ուղեղի ամէնէն տարածուած առաջնային ուռուցքն է ու միաժամանակ՝ ամէնէն ծանրը եւ դժուար վիրահատելին։ Անիկա կը հարուածէ ուղեղի կամ ոսկրածուծի «կլայըլ» բջիջները։ Սովորաբար, հիւանդութեան խորացման վերահսկողութիւնը կը…

Կարմրուկը Կը Վերադառնա՞յ

Կարմրուկ Կարմրուկը զօրաւոր վարակիչ հիւանդութիւն է, որ կը բնորոշուի բարձր ջերմաստիճանով (մինչեւ 40,5°C), բերանի խոռոչի լորձաթաղանթի եւ վերին շնչուղիներու բորբոքումով, աչքի սպիտակուցաթաղանթի եւ կոպի ներքին մակերեւոյթի բորբոքումով ու մորթի բծաւոր բշտիկներով։ Այս բոլոր ախտանշաններուն կը միանան օրկանիզմի ընդհանուր թունաւորում։ Փոխանցման ճամբաները Կարմրուկը հիւանդ մարդէն առողջ մարդուն կը փոխանցուի օդակաթիլային ճամբով. երբ վարակուած անձը կը փռնքտայ…