Բոյսեր՝ Վէրքերը Շատ Լաւ Ապաքինելու Յատկութեամբ

Աւստրալիացի գիտնականներ յայտնաբերած են երկու բոյս, որոնք կ՛աճին երկրի հիւսիսը եւ զօրաւոր ապաքինող, հակամիքրոպային ու հակաօքսիտանդ յատկութիւն ունին։ Չարլզ Տարուինի համալսարանի (CDU) երկու հետազօտութիւններու արդիւնքները հրապարակուած են BMC Complementary Medicine and Therapies եւ Clinical, Cosmetic and Investigational Dermatology ամսագիրներուն մէջ։ Բոյսերէն մէկը ալիքատերեւ «քալոֆիլում»ն է (Calophyllum inophyllum), որմէ առանձնացուցած են նանոմածուկը՝ հեղուկներու խառնուրդ նանոչափի իւղի…

Թորինը Եւ Սեւ Պղպեղը Կը Նուազեցնեն Սրտի Հիւանդութիւններու Հաւանականութիւնը

Աւստրալիացի հետազօտողներ բացայայտած են «թորին»ի (taurine) եւ սեւ պղպեղի լուծոյթի համադրութեան արդիւնաւէտութիւնը` սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգի գործօնը նուազեցնելու աշխատանքին մէջ։ Վիքթորիայի համալսարանի գիտնականներու հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nutrients ամսագրին մէջ։ Երկար դարեր բնական մթերքները օգտագործուած են սրտանօթային եւ շատ այլ հիւանդութիւններու բուժման համար։ Մասնաւորաբար, վերջին շրջանին «թորին»ին եւ սեւ պղպեղին մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի՝ շնորհիւ սրտի համար…