Աչքի Կաթիլներ՝ Կարճատեսութեան Խորացումը Դանդաղեցնելու Համար
Ամերիկացի գիտնականներ ստեղծած են աչքի կաթիլներ փոքրիկներու կարճատեսութեան (մայոփիա) զարգացումը դանդաղեցնելու համար։ Օհայոյի համալսարանի գիտնականներուն հետազօտութիւնը հրապարակուած է JAMA Ophthalmol ամսագրին մէջ։ Աւանդական շտկող միջոցները՝ ակնոցները եւ «քոնթէքթ լենս»երը, կ՛ապահովեն տեսողութեան անմիջական բարելաւում, բայց չեն լուծեր կարճատեսութեան զարգացման հիմնական խնդիրը։ Հետեւաբար, կարեւոր է մշակել մեթոտներ, որոնք կը կանգնեցնեն հիւանդութեան զարգացումը։ Կարճատեսութիւնը կապուած է ակնախնձորի ձեւի…