ԱՀԿ Քաղցկեղի Ուսումնասիրման Գործակալութիւնը «Ասփարթամ»ը Քաղցկեղածին Կը Յայտարարէ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան քաղցկեղի ուսումնասիրման գործակալութիւնը «ասփարթամ»ի արհեստական քաղցրացուցիչը հնարաւոր քաղցկեղածին յայտարարած է, հաղորդած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կայքը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան IARC գործակալութիւնը եզրակացուցած է, որ «ասփարթամ»ը կրնայ քաղցկեղ յառաջացնել։ Այնուամենայնիւ, յայտնաբերուած որոշ ազդեցութիւններ կը պահանջեն այլ յաւելեալ որակեալ հետազօտութիւններ: «68 քկ. կշիռք ունեցող մարդ մը պէտք է իր կեանքի ընթացքին ամէն օր օգտագործէ…

Երիկամներու Քարերը Փոքրիկներու Մօտ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ յաճախ կ՛ախտորոշուին երիկամներու քարեր փոքրիկներու եւ պատանիներու, յատկապէս աղջիկներու շրջանակին մէջ։ Բժիշկները կ՛ենթադրեն, որ երիտասարդները կ՛ենթարկուին միզաքարային հիւանդութեան բարձր վտանգին՝ սննդաբաժնին մէջ «ալթրամշակուած» ուտելիքներու առկայութեան, հակապայոթիքներու չարաշահման եւ օդի բարձր ջերմաստիճանի պատճառով, որ կը յանգեցնէ ջրազրկման պարագաներու թիւի բարձրացման։ Զրոյցի ընթացքին, բժիշկները տեղեկացուցած են, որ իրենք ամրան աւելի մեծ թիւով փոքրիկներ…