Օգտակար Սննդականոն՝ Դպրոցականներու Մտային Գործունէութեան Համար
Շէմփեյնի Իլինոյս համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ MIND սննդականոնը կը բարելաւէ դպրոցական փոքրիկներու կեդրոնացումը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են NUTRITON 2023ին մէջ, Սնունդի ամերիկեան ընկերութեան ամէնամեայ հաւաքին եւ կը նկատուին նախնական, մինչեւ գրախօսուելէն ետք գիտական ամսագրին մէջ հրապարակուիլը։ MIND սննդականոնը սկիզբը մշակուած է մեծերու մտային գործունէութիւններու նուազումը կանխելու համար։ Անիկա կը համադրէ միջերկրածովեան եւ DASH սննդականոնը…