Յիշողութեան եւ Ախորժակի Միջեւ Կապ Կը Յայտնաբերեն Գիտնականները
Ուղեղի յիշողութիւնը եւ ախորժակը կարգաւորող շղթաներուն միջեւ կապերու խախտումը կ՛ազդէ մարմնի զանգուածի ինտեքսին վրայ, յատկապէս չափէն աւելի ուտող մարդոց պարագային։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Փենսիլվանիայի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց աշխատանքը հրապարակուած է Nature ամսագրին մէջ։ Աշխատանքի ընթացքին, հեղինակները ուսումնասիրած են այն մարդոց «մակնեթիք ռեզոնընս» շերտագրութիւնը, որոնց աւելի կանուխ «սքէնինկ» ըրած էին «էփիլեփսիի մոնիթըրինկ»ի բաժանմունքին մէջ։ Հիւանդներուն…