Մասնագէտները Կը Պարզեն Շաքարի Անվտանգ Քանակը Թէյի Եւ Սուրճի Մէջ

Թէյի կամ սուրճի մէջ մէկ թէյի դգալ շաքար աւելցնելը առողջութեան համար բացասական հետեւանքներ չ՛ունենար։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Հոլանտայի Լեյտընի համալսարանի գիտնականները՝ հետազօտութիւն կատարելով, որուն մասնակցած է երեք հազար մարդ։ Անոնց աշխատանքին արդիւնքները հրապարակաուած են PLOS One ամսագրին մէջ։ Գիտնականներու խումբը 32 տարի հետեւած է այն մարդոց առողջութեան, որոնք թէյ եւ սուրճ խմած են շաքարի…

Աւելորդ Կշիռքը Կը Բարձրացնէ Փոքրիկներու Զարկերակային Գերճնշումի Հաւանականութիւնը

Փոքրիկներու պարագային աւելորդ կշիռքը կապուած է զարկերակային գերճնշումի զարգացման բարձր հաւանականութեան հետ: Այս մասին կը յայտնէ Kaiser Permanente բժշկական ընկերութիւնը։ Հետազօտութեան ծիրին մէջ ընկերութեան մասնագէտները ուսումնասիրած են 2008-2015 թուականներուն իրենց մօտ բուժում ստացած 801,019 երիտասարդի բժշկական քարտերը՝ անոնց կենսաբժշկական «փերեմիթր»ներուն ծանօթանալու եւ փոքրիկներու պարագային զարկերակային գերճնշման առկայութիւնը ստուգելու համար: Մասնակիցները բաժնուած են կշիռքային երեք խումբի՝…