Սնունդի սահմանափակումը եւ ծոմապահութիւնը կ՛աշխուժացնեն մարմինը

Լոնտոնի Քինկս քոլեճի (KCL) գիտնականները բացայայտած են, որ ընդմիջուող ծոմապահութիւնը կրնայ բարելաւել տրամադրութիւնը, բարձրացնել «էնըրճի»ն եւ նուազեցնել անօթութիւնը, յայտնած է քոլեճի կայքը։ Հետազօտութեան մասնակցած է 37,545 մարդ։ Անոնք առաջին շաբթուան ընթացքին սնունդ ստացած են սովորական ձեւով, իսկ յետոյ եօթ օր անցած են ընդմիջուող ծոմապահութեան: Անոնք իրենց «սմարթֆոն»ի յատուկ յաւելուածին կ՛ուղարկէին ամէնօրեայ հաշուետուութիւն՝ իրենց ճաշի ժամերուն,…

Օդի Զտիչները Չեն Նուազեցներ Օդակաթիլային Եղանակով Վարակուելու Վտանգը

  Օդի զտիչները կրնան օգնել մեր տան օդի թարմութեան պահպանման, բայց, ինչպէս ցոյց կու տայ նոր ուսումնասիրութիւնը, ատոնք չեն նուազեցներ օդակաթիլային եղանակով փոխանցուող ժահրով վարակուելու վտանգը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Preventive Medicine ամսագրին մէջ։ Այն «թեքնոլոճի»ները, որոնք կոչուած են անվտանգ դարձնելու մեր շրջապատը վարակներէն, անարդիւնաւէտ են իրական պայմաններու մէջ, կը հաւաստիացնեն Արեւելեան Անգլիոյ համալսարանի հետազօտողները։…