Լեզուիս ծայրն է. ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ուղեղին մէջ, երբ բառը ձեզմէ կը խուսափի

Հակառակ անոր, որ անիկա կրնայ թուիլ որպէս պարզ մտային «արգելափակում», հետազօտողները պարզած են, որ այսպիսի վայրկեաններուն ուղեղի քանի մը հատուածներ կ՛աշխատին միասին՝ գտնելու համար բացակայող բառը: Երեք առանցքային մասեր դեր կը խաղան այս գործընթացին մէջ՝ առջեւի «սինկիւլէյթ քորթէքս»-ը, նախաճակատային «քորթէքս»-ը եւ «ինսուլա»-ն: Առջեւի «սինկիւլէյթ քորթէքս»-ը կը գործէ որպէս վերահսկիչ՝ յայտնաբերելով բառ իմանալու եւ զայն յիշելու…

S10s ծինը կը բարելաւէ սրտի աշխատանքը եւ կը պաշտպանէ առիթմիայէն – European Heart Journal

Ամսթերտամի համալսարանի բժշկական կեդրոնի եւ Ճոնզ Հոփքինզի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են փոքր ծին մը՝ S10s, որ կրնայ տեղադրուիլ սիրտին մէջ՝ «առիթմիա»-ները (Առիթմիան կամ անկանոն սրտի բաբախումը ձեր սրտի բաբախումի արագութեան կամ ռիթմի խնդիր է։) կանխելու համար: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են European Heart Journal (EHJ) ամսագրին մէջ: Ըստ հետազօտութեան հեղինակներէն մէկուն՝ սրտաբան Ճերարտ Պոյնքի՝ «իմփալս»-ներու արագ…