Դանդաղ ուտելը կրնայ օգնել պայքարելու ճարպակալումի դէմ

Ֆուճիթա բժշկական համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ կշիռքի վերահսկումի հարցին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ ոչ միայն սնունդի բաղադրութիւնը, այլեւ՝ անոր սպառումի արագութիւնը։ Սնուելու թափի դանդաղեցումը կրնայ օգնել պակսեցնելու «քալորի»-ներու ստացումը, հետեւաբար նուազեցնելով ճարպակալումի եւ յարակից հիւանդութիւններու վտանգը: Աշխատանքը հրապարակուած է Nutrients ամսագրին մէջ: Փորձարկումին մասնակցած են 20-էն 65 տարեկան 33 մասնակիցներ, որոնք «փիցցա» կերած…

Գիտնականներ կը յայտնաբերեն չափահասներու մազի աճին նպաստող սպիտակուց մը

Ալոբեցիա»-ն ինքնադիմադրողականութեան հիւանդութիւն մըն է, որ պատճառ կը դառնայ գլխամաշկի եւ մարմնի անշրջելի մազաթափութեան՝ կեանքի որեւէ փուլի մը ընթացքին ազդելով աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 2 առ հարիւրին վրայ: Աւստրալիայէն, Սինկափուրէն եւ Չինաստանէն հետազօտողներու խումբ մը յայտնաբերած է, որ աշխուժացուած մազապարկերու (follicles) ցօղունային բջիջները (HFSCs), որոնք անհրաժեշտ են մազերու աճին եւ վերականգնումին համար, կախեալ են MCL-1 կոչուող…